ՀՅԴ Աշխարհի Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները կը Միանան Հայաստանի՝ ԿԳՄՍ Նախարարի Հրաժարականը Պահանջող Շարժման

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ գործող ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները հանդէս եկած են Հայաստանի երիտասարդական-ուսանողական շարժման միանալու  յայտարարութիւններով։

Միութիւնները միացած են ԿԳՄՍ նախարարի հրաժարականի պահանջին եւ իրենց զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած ուսանողական շարժման:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնն ու «Շանթ» ուսանողական միութիւնը, Լիբանանի Երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական միութիւնը` յայտարարութիւններով եւ տեսաուղերձներով կը պահանջեն նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։