Պատրաստուած է Հայաստանի Մէջ՝ Իտալական Նախշերով. Բացուեցաւ Խեցեգործական Սպասքի Գործարան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ այսուհետեւ պիտի արտադրուի խեցեգործական սպասք ու պիտի արտահանուի ԱՄՆ եւ Եւրոպա՝ «Պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, նախշը՝ Իտալիոյ մէջ» մակնիշով: «Ցերամիսիա» գործարանը աշխատատեղ պիտի ստեղծէ 500-1000 հայաստանցիի համար: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Multi Group» եւ իտալական Italian Stoneware ընկերութեանց համատեղ ներդրումային ծրագիրին ծիրէն ներս հիմնուած գործարանի բացման արարողութիւնը կայացաւ Նոյեմբեր 7-ին, որուն մասնակցեցաւ ու արտադրանքին ծանօթացաւ նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր գործարանը կը սկսի աշխատիլ 35 պատրաստուած մասնագէտներով, որոնք որակաւորում ստացած են իտալական տարբեր գործարաններու մէջ: Մեր ծրագրերով աշխատակիցներուն թիւը Յունուար-Փետրուար ամիսներուն պէտք է հասցնենք 300-500-ի:  Բոլոր աշխատակիցները պէտք է որակաւորում անցնին իտալական գործարաններու մէջ»,- ըսաւ «Multi Group» ընկերութեան տնօրէն Սեդրակ Առուստամեան ու  վստահութիւն յայտնեց, որ յաջորդ տարի նոյն ժամանակ գործարանը պիտի ունենայ 1000-էն աւելի աշխատատեղ:

Հայաստանի մէջ արտադրուած խեցեգործական սպասքը պիտի իրացուի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ: Նախնական ներդրումներուն ծաւալը կը կազմէ 30 միլիոն եւրօ, Italian Stoneware-ը պատրաստակամ է ընելու աւելին: Մինչեւ 2020-ի Փետրուար ամիսը պէտք է հասցնեն 300 աշխատակից գտնել՝ թէեւ այժմ դժուարութիւններ ունին աշխատակիցներ գտնելու հարցով: