ԵՊՀ Խումբ Մը Ուսանողներ Զօրամաս Այցելած Են

Հայաստան

Երեւանի պետական համալսարանի Լէոնիդ Ազգալդեանի անուան մարտական պատրաստութեան ակումբի խումբ մը ուսանողներ, Նոյեմբեր 6-ին, այցելած են 5-րդ զօրամիաւորման ենթակայութեամբ գործող N զօրամաս: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զօրամասին մէջ բացազատուած են ուսումնական տեղամասեր, ներկայացուած են տարբեր տեսակի ու տրամաչափի հրաձգային զէնքերու արհեստագիտական բնութագրերը եւ անոնց առանձնայատկութիւնները: