Ուսանողները Նստացոյց Կ՝ընեն ԿԳՄՍ Նախարարութեան Դիմաց

Հայաստան

Դէպի ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, Նոյեմբեր 7-ի առաւօտեան, քայլերթի մասնակցած խումբ մը  երիտասարդներ անժամկէտ նստացոյց սկսած են գերատեսչութեան շէնքին դիմաց: Ուսանողները, ըստ Armenpress.am-ի, կը պահանջեն ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:

Նստացոյցին կը մասնակցին ԵՊՀ հայ բանասիրութեան, աստուածաբանութեան, պատմութեան բաժանմունքներու ուսանողները: Նախարարութեան մօտ կեդրոնացուած են մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր։

Յարութիւնեան, կառավարութեան նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, նշած էր, որ հրաժարական պիտի տայ միայն այն պարագային, երբ իր լիազօրութիւնները սկսի լաւ չկատարել: «Տարբեր պատճառներ կրնան ըլլալ, սակայն այժմ այդ իրավիճակը չէ»,- ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Facebook-ի իր պաշտօնական էջին վրայ նախարարը գրած էր, որ իրենց նախարարութեան ներկայացուցիչները, ինքը անձամբ պատրաստ է բոլոր հարցադրումներուն պատասխանելու, քննարկելու զանոնք այնքան ժամանակ, մինչեւ փարատուին բոլոր կասկածները:

Ան դիմած էր ուսանողներուն եւ նշած, որ իրենք պատրաստ են ուղիղ շփուելու անոնց խումբերուն հետ:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 6-ին, ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի խումբ մը  ուսանողներու նախաձեռնած դասադուլին միացած են նաեւ Պատմութեան բաժանմունքի ուսանողներ: Ուսանողներու այլ խումբ մըն ալ ստորագրահաւաք իրականացուցած է, որպէսզի համալսարաններու մէջ «Հայոց լեզու» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերու ուսուցման պարտադիր ըլլալը օրէնքով ամրագրելու պահանջով դիմէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանին: