Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Նոր Սերունդի Պատասխանատւութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ո­րո­շու­մը անն­կա­րագ­րե­լի գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ բո­վան­դակ հա­յաշ­խար­հին մէջ։
Եր­կար տա­րի­նե­րու ան­դուլ պայ­քա­րի, հե­տե­ւո­ղա­կան յա­մառ աշ­խա­տան­քի, կա­պե­րու եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շղթայ մըն էր, որ ծա­ւա­լե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, ո­րուն ջան­քե­րը պսա­կո­ւե­ցան ա­մե­րի­կեան ճա­նա­չու­մով։

Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­մասն չմնաց այս կա­րե­ւոր լու­րէն։ ­Հե­ռա­տե­սի­լի, ձայ­նաս­փիւ­ռի, տպա­գիր կամ հա­մա­ցան­ցի մա­մու­լին ճամ­բով, լրա­տո­ւա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ո­րո­շու­մին, օ­րեր ա­ռաջ եւ ճա­նա­չու­մէն յե­տոյ՝ ման­րա­մասն հա­ղոր­դում­նե­րով եւ յօ­դո­ւած­նե­րով։

Ճա­նա­չու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հե­ռա­ձայ­նե­րը չդադ­րե­ցան զար­նե­լէ, մա­նա­ւանդ հան­րա­ծա­նօթ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու գրա­սե­նեակ­նե­րէն ե­կող հրա­ւէր­նե­րով, ո­րոնք ան­պայ­ման եւ շեշ­տա­կի կեր­պով ու­զե­ցին ա­ւե­լին ի­մա­նալ ու ի­րա­զեկ դարձ­նել ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին։ Այս­պէս, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, մօտ եր­կու տաս­նեակ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու տո­ւին ման­րա­մասն հար­ցազ­րոյց­ներ եւ պա­տաս­խան­ցին լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Ծա­նօթ է յու­նա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու զգայ­նու­թիւ­նը ­Հա­յոց Ցե­ղա­պա­նու­թեան հիմ­նախնդի­րին հա­մար, մա­նա­ւանդ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ կնճռոտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տին մէջ, կիպ­րա­կան հար­ցի առն­չու­թեամբ, յոյ­նե­րու եւ պոն­տոս­ցի­նե­րու կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն, բնաջնջ­ման եւ տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան ցա­ւոտ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ։

Ա­ւե­լի քան ակն­յայտ է յոյն քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րակա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ ար­տա­յայ­տո­ւած հիաց­մուն­քը հա­յե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք յա­ճախ կը վկա­յեն ու կը շեշ­տեն, որ «դուք կա­րո­ղա­ցած էք ձեր ար­դար դա­տը մի­ջազ­գա­յին ու­շադ­րու­թեան եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին կեդ­րո­նը բե­րել»։ Իսկ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը յոյն քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին մօտ միշտ ալ գնա­հա­տած ու շեշ­տած է հայ, յոյն եւ կիպ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րէն ներս։

Վեր­ջին օ­րե­րուն, յու­նա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու հե­ղե­ղի նման շա­րու­նա­կական հրա­ւէր­ներն ու «պա­հանջ»նե­րը հիւ­րա­սի­րե­լու հա­մար հա­յու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րը, մեզ պէտք է մղեն ա­ռա­ւել զգօ­նու­թեան եւ պատ­րաս­տու­թեան՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու ­Հայ Դա­տի գերխն­դի­րը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ հան­րա­յին կար­ծի­քը ի­րա­զե­կե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ։

Յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը եւ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին հայ­կա­կան հար­ցե­րուն։ Ա­ւե­լի քան հրա­մա­յա­կան է, որ աս­կէ ետք, ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ ի­րա­զեկ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, ու­նե­նալ գի­տա­կա­նօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած ուժեր, քա­ղա­քա­կան եւ պատ­մա­կան ծալ­քե­րը յա­ջո­ղա­պէս ներ­կա­յաց­նող, Հայ Դա­տի ի­րա­ւա­կան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը վեր­լու­ծող ա­տակ ան­ձեր։

Ա­նոնք պէտք է ի վի­ճա­կի ըլ­լան մեր ազ­գա­յին հար­ցե­րը ներ­կա­յաց­նել գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով եւ միա­ժա­մա­նակ՝ քա­ղա­քա­կան խոր ըմբռ­նու­մով, մա­նա­ւանդ, երբ ի­րե­րա­յա­ջորդ ճա­նա­չում­նե­րէն ան­դին, ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բո­լոր ճամ­բա­նե­րը կը բա­ցո­ւին՝ ­Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ըն­թաց­քը այ­լեւս հա­տուց­ման ու­ղիին վրայ դնե­լու հա­մար։

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տե­լա­ձե­ւին ու գոր­ծու­նէու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ թրծո­ւած մեր սքան­չե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ար­դէն այդ շա­րու­նա­կա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ կը շնչեն։

Աս­կէ ետք, աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կան պէտք է դառ­նան եւ քա­րոզ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը ա­ւե­լի շեշ­տա­կի բնոյթ պէտք է ստա­նան։ Այս բո­լո­րին հա­մար, յատկապէս հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ ի­րա­ւա­բա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րով զբա­ղող­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը դառ­նայ։ ­Նոր սե­րուն­դը պէտք է այ­լեւս իր ձեռ­քին մէջ առ­նէ ­Հայ Դա­տի քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նո­րա­նոր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։