Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան 40-ամեակի Հանդիսութիւն

Uncategorized, Սփիւռք

Կիրակի, 3 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան 40-ամեակի յիշատակումը:

«Գանձասար»-ի հաղորդմամբ՝ ՍԵՄ-ականները հանդիսատեսին ներկայացան կազմակերպուած աշխատանքով, հարուստ յայտագիրով, երիտասարդական ոճով ու ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարները իւրացուցած յանձնառու երիտասարդութեան ինքնավստահութեամբ:

Մէկ ամսուան ընթացքին, օրական աշխատանքով, հալէպահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները պատրաստած էին թատրոն, երգ ու պար, ցուցահանդէս, դասական եւ ազգային երաժշտութեան ներկայացում ու ասմունք: Այս բոլորին կողքին, անոնք ՍԵՄ-ի անդամներուն գործունէութիւնն ու ծառայողական աշխատանքը պարզաբանող, անոր դերը բնորոշող ուղերձ յղեցին եւ ՍԵՄ-ի հիմնադրութեան ու զարգացման հոլովոյթը ներկայացուցին:

Յոյսի շողերով պայծառացած էր Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին բեմահարթակը: Բեմին վրայ բեմականացում չկար: Երիտասարդութեան ճշմարիտ առօրեան ու հետաքրքրութիւններու ծիրը կ՛արտացոլային:

Հանդիսատեսին քաջալերական ծափահարութիւններն ու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եզրափակիչ խօսքը կը վկայէին, որ ՍԵՄ-ը սովորական գործունէութիւն ծաւալող միութիւն մը չէ, այլ հայ երիտասարդութեան նկարագիրը կերտող, անոր ազգային դիմագիծը ուրուագծող դարբնոց մըն է: