Հայաստանի Հիւպատոսը Ներկայ Եղաւ Նորթրիճի Համալսարանի Հայագիտականի Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

26 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան Արմէն Բայբուրդեան մասնակցեցաւ Հայկական ազգային հիմնարկի, Ամերիկայի Հայկական համագումարի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական կենդրոնին կողմէ կազմակերպուած՝ «Կեանք փրկողները» խորագիրով ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդոց միութենէն (YMCA) երկու աշխատակիցներ, որոնք 1918-1919ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ փրկած են Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ազատած հազարաւոր հայերու կեանքը, համակարգելով Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական աջակցութիւնը:

0000EXHIBITION AT CSUN1

Հայկական Ազգային հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ռուբէն Ատալեան ներկայացուց ցուցահանդէսին 26 նմոյշները, որոնք կը պատմեն երկու հերոս ամերիկացիներուն գործունէութեան մանրամասնութիւնները:

Դեսպան Բայբուրդեան ողջունեց ցուցահանդէսի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ անիկա լոյս կը սփռէ Հայաստանի մէջ ամերիկեան մարդասիրական գործունէութեան անյայտ էջերուն վրայ, բացայայտելով հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խոր ակունքները:

 

(Թղթակցութիւնը՝

հիւպատոսարանէն)