Նոր Հրատարակութիւններ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ալթունեան Ժանին, «Վայրերու վերացումը», PUF հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2019, 276 էջ (Ցեղասպանութեան ականատես վկայի հայատառ թրքերէն վկայութեան թարգմանութիւնը դստեր կողմէ եւ վկայութեան հոգեբանական վերլուծումը, ֆրանսերէն):

– Բախչինեան Ֆելիքս, «Խաւարին չհաւատալու, խաւարին չտրուելու պոէզիա», հրատարակիչ՝ «Հայաստանի «Ֆրիտեոֆ Նանսեն» հիմնադրամ», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 216 էջ (12.4 x 14.6 սմ.) (Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական արուեստին վերլուծումը): Գիրքին հովանաւորն է Վարուժան Գէորգ Եսայեանը:

– Եկաւեան Տիգրան, «Պատմութեան կողմէ մոռցուածները՝ Արեւելքի փոքրամասնութիւնները», «Ռոշէ» (Rocher) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 Հոկտեմբեր 2019, 228 էջ (Միջին Արեւելքի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն այժմու վիճակը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ֆրանսերէն):

– Զիֆլիօղլու Վերճիհան, «Սթամպուլի հայերը գոյատեւման ու վերացման միջեւ», «Սոսիալ» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2019, 165 էջ (13 x 19.5 սմ.) (Պոլսոյ հայութեան վերջին տասնամեակներու խնդիրները, լուսանկարներ, թրքերէն):

– Համաստեղ, «Աղօթարան», հայերէնէ թարգմանեց Վարդան Մատթէոսեան, Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակութիւն, տպարան «Delta Printing», Նիւ Եորք, 2018, 67 + 53 էջ (13 x 19.5 սմ.) (67 էջը՝ հայերէն բնագիրին վերատպութիւնը, 53 էջը՝ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ներածական խօսքով): Լոյս տեսած է Անուշաւան սրբազանի ընտրութեան առիթով՝ հայ եւ օտար քանի մը մեկենասներու գումարներով:

– Մանճիկեան Յակոբ եւ Աւետեան-Մանճիկեան Քնար, «Հարիւրամեակ Քեսապի ուսումնասիրաց ընկերութեան եւ նոյնանուն երկրորդական վարժարանին», Ա. հատոր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2018 (լուսանկարներ, փաստաթուղթերու շարադրանքներ կամ պատճէններ, Քեսապի շրջանի վարչական քարտէսը): Հատորը լոյս տեսած է տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններու մեկենասութեամբ:

– Մուղալեան Սաթօ, «Մոխիրներու խնճոյք-Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի աւանդութեան հիմնադիր Դաւիթ Օհաննէսեանի կեանքն ու արուեստը», Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Միացեալ Նահանգներ, Ապրիլ 2019, 440 էջ (հեղինակը գրած է իր մեծ հօր կեանքի ու արուեստի մասին, անգլերէն):

– Յարութիւնեան Համազասպ, «Դիւանագէտի գրառումներ», խմբագիր՝ Ալպերթ Նալպանտեան, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 276 էջ + 14 էջ լուսանկարներու ներդիր էջ (15.1 x 20.8 սմ.) (1943էն սկսեալ խորհրդային դիւանագիտութեան մէջ զգալի աւանդ ունեցած, 1959-1963ին Գանատայի մէջ ԽՍՀՄի դեսպանի յուշագրական օրագիրը, ռուսերէն. կայ նաեւ հայերէն առանձին տպագրուած տարբերակը):

«Յորդանանի հայերը-գիտաժողովի նիւթեր», հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2019 (Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ 22-24 Մայիս 2016ին կայացած գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուն):

– Նալպանտեան Վարդգէս, «Կ՛ուզեմ դրօշակով մը մեռնիլ»-Եթովպիա. «Պատրանքներս եւ խաբկանքներս», հեղինակային հրատարակութիւն, 2019, 210 էջ (15.2 x 22.9 սմ.) (եթովպիահայ գործարար հեղինակին ու ընդհանրապէս գաղութին ապրած ծանր կեանքը Եթովպիոյ 1974ի յեղափոխութենէն ետք, անգլերէն):

– Սաֆրաստեան Ռուբէն, «Մուսթաֆա Քեմալ-Պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 1919-1921թթ.», «Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019:

– Սնապեան Պօղոս, «Աղքատներուն աւանդութիւնը», հայերէնէ թարգմանեց Նորա Արիսեան, հրատարակութիւն Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Սուրիական գիրքի ընդհանուր տեսչութեան, Դամասկոս, 2019, 135 էջ (7 պատմուածք եւ Պ. Սնապեանի կենսագրութիւնը, արաբերէն):

– (Ինը հեղինակներ), «Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովրդի կորուստների եւ հատուցման կառուցակարգերի մեթոտաբանական հիմքերը», հրատարակիչ՝ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկ, «Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 608 էջ: Աշխատութեան հրատարակութիւնը երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

– Փինկէ Քաթերին, «Լուսանկարչութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ-Հայկական պատմութիւն մը», «Էլիթիս» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 8 Նոյեմբեր 2018, 192 էջ (19 x 26 սմ.) (նիւթեր Օսմանեան պետութեան մէջ լուսանկարչութեան արուեստի հայ վարպետներուն մասին, բազմաթիւ լուսանկարներ Փիեռ տը Կիրոռի դիւանէն, ֆրանսերէն):

– Քիզեր Հանս-Լուքաս, Անտերսըն Մարկարէթ Լավինիա, Պայրաքտար Սէյհան եւ Շմուց Թոմաս (խմբագիրներ), «Օսմանցիներու վախճանը. 1915ի Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը», I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2019, 384 էջ (Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայ, թուրք ու եւրոպացի հեղինակներու գիտական յօդուածներու ժողովածու, անգլերէն):

– Քիւրքման Կարօ, «Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչները, 1853-1871», խմբագիր՝ Մեսութ Կէօք, «Քորփուս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2019, 469 էջ (հայոց նպաստը օսմանեան ոսկերչական պալատական արուեստին, բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ, թրքերէն): Հատորը լոյս տեսած է Այտա Այվազի «զօրակցութեամբ»: