ՀԱՊԿ-ն Մեզի Համար Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Այս մասին Երեւանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք կը գտնենք, որ ՀԱՊԿ-ն մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար կարեւոր գործօնն է: Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք ՀԱՊԿ ծիրին մէջ մեր համագործակցութեան բոլոր երեք ուղղութիւններուն: Առաջին հերթին ներքաղաքական համակարգումն է, ռազմականտեխնիկական համագործակցութիւնը եւ, ի հարկէ, անվտանգութեան մարզին մէջ մեր միասնական մօտեցումն է ընդհանուր վտանգներուն: Վտանգները, ցաւօք, նոյնպէս կը զարգանան եւ կը փոխուին, եւ մենք պէտք է համարժէք ըլլանք այդ վտանգներուն: Մեր կառոյցը պէտք է համապատասխանէ այն իրողութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունին տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մենք բաւական կառուցողական կը համագործակցինք Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան յետագայ զարգացման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները յաջողած են համաձայնութեան գալ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցին շուրջ, եւ նշած, որ յետագային նման խնդիրներէն խուսափելու համար հարկաւոր է որոշակի իրաւական փոփոխութիւններ մտցնել ՀԱՊԿ կարգաւորումներուն մէջ: