Ակնարկ․- Գողերը Մեր Օձիքը Չեն Ձգեր…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յանցաւորի զգացումով վերցուցի հեռաձայնս, կապ պահելու համար բարեկամի մը հետ, որ ատեն մը առաջ առողջական հարցեր ունեցեր էր. պէտք էր աւելի կանուխ հեռաձայնէի եւ հալը-քէֆը հարցնէի։ Պատասխանեց, որ լաւ էր, շա՛տ աւելի լաւ՝ քան ինչ որ էր ակնկալութիւնս։ Կատակեցի հարց տալով. «Ի՞նչ կ՝ընես շատ լաւ ըլլալու համար. ըսէ՛, որ ես ալ նոյնը ընեմ»։ «Դեղերուս եւ բժիշկին թելադրանքներուն հետեւելէ աւելի՝ օրուան… լուրերը մտիկ չեմ ըներ», պատասխանեց կէս-կատակ։ Հասկցայ դիտաւորութիւնը, սակայն ըսածը քիչ մը «լուրջի առնելով»՝ հարց տուի. «Ինչպէ՞ս կրնաս առանց լուր մտիկ ընելու ապրիլ. չե՞ս գիտեր անեկդոտը. մարդուն տունը գող մտեր է. հայրը տղուն ըսեր է, տղաս, հարց մի՛ հաներ. ձգէ՛ որ երթայ։ Տղան գանգատեր է. հայրի՛կ, ես զինք կը ձգեմ, ի՛նք զիս չի ձգեր…»։

Քիչ մըն ալ զրուցեցինք, կատակը լուրջին խառնեցինք եւ աւելի յաճախ իրարու հետ կապ պահելու խոստումով վար դրինք ընկալուչները։ Երբ զրոյցը քիչ մը «հանգչեցաւ» ուղեղիս մէջ, ծագեցան մտածումներ, որոնք զիս պտոյտի հանեցին աշխարհի չորս դին. աչքիս առջեւ տարածուեցան այս կամ այն երկիրը տագնապեցնող, յուզող, մինչեւ իսկ ֆիզիքական ու տնտեսական նահատակումի տանող զարգացումներ, որոնք առերեւոյթ կը թուին անկապ, սակայն եթէ մարդս թափանցէ մակերերսէն վար, կրնայ ունենալ այն զգացումը, որ շատ մը զարգացումներ կարծէք թէ «կը ղեկավարուին» նոյն շարժակին կողմէ, հոս-հոն կը գտնեն տարբեր բնոյթի դրսեւորումներ, սակայն հետեւանքներուն միջեւ նմանութիւնը ակներեւ է։

Եկէ՛ք, պահ մը պտոյտի ելլենք դէպի աշխարհի տարբեր շրջանները, կատարելու համար նման փորձ։ Մեր շրջապտոյտը անշուշտ չի կրնար ըլլալ համապարփակ, հետեւաբար, ընտրենք քանի մը ուշագրաւ եւ քիչ թէ շատ մեզ՝ հայերս յուզող գօտիներ։

***

Սկսինք համեմատաբար տաք գօտիէ մը՝ Միջին Արեւելքէն, եւ աչքի առջեւ ունենանք Լիբանան-Իսրայէլ գօտիէն մինչեւ Սուրիա, Իրաք, Իրան, Թուրքիա եւ Ծոցի երկիրներ տարածուող շրջանը, մեր մտապատկերի խորքին ունենալով նաեւ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը ընդգրկող Կովկասը։

Օր աւուր տեղի ունեցող դէպքերուն թւումը աւելորդ է. ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման, թրքական թափանցումին, ռուսական «միջամտութեան», ամերիկեան ուժերու մէկ մասը Սուրիա պահելու եւ… քարիւղի հորերը «պաշտպանելու» առնչուող դէպքերը հասան նաեւ «Իսլամական պետութեան» ղեկավար Ապու Պաքըր Պաղտատիի սպանութեան (չես գիտեր քանի՞երորդ անգամ ըլլալով), վարագոյրին յետսամասէն մեծ մասամբ դուրս բերելով վերջին շուրջ 20 եւ աւելի տարիներու «գաղտնիքներ», որոնք այլապէս բացայայտ էին։ Իբրեւ «կողմնակի զարգացում»՝ տեղ-տեղ ծնունդ առին տեղւոյն իշխանութիւններուն դէմ բողոքի յախուռն ցոյցեր։ Իրաքի մէջ, բազմատասնեակ զոհեր արձանագրուեցան իշխանութեան դէմ հրապարակային բողոքներու պահուն, թղթածրարը կը մնայ բաց։ Քիւրտերու հակա-ամերիկեան տրամադրութիւնները բողոքի այլ մեկնակէտ ու արտայայտութիւն ունեցան։ Իրանի մէջ արձանագրուած են բազմահանգրուան նախընթացներ։ Լիբանանի մէջ եւս պայթեցան բողոքի ցոյցեր, իրաքեանին նման դրդապատճառներով։

Ժողովրդային բողոքի արտայայտութիւնները արդա՞ր են։ Բնականաբար՝ այո՛։ Նման շարժումներ վաղը կրնան ստեղծուիլ նաեւ այլուր. Եգիպտոսի մէջ այս իմաստով քանի մը էջ արձանագրուեցաւ արդէն։ Առաջին մակարդակին վրայ, ժողովրդային ցասումը հետեւանք է իշխանաւորներու չարաշահութեանց ու երկիրը հաւասարակշիռ կերպով կառավարել չկարենալուն, ապիկարութեան։ Բացայայտ է, որ մարդիկ իշխանութեան կու գան-կը բերուին նա՛եւ դուրսերը կազմաւորուած բացայայտ կամ ծածուկ ծրագիրներով, գիտեն, որ իշխանութեան վրայ մնալը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ, ուրեմն, նպատակ կը դնեն նախ նիւթապէս իրենք զիրենք ապահովելը։ Կը ստեղծուի վիճակ, ուր նիւթական-տնտեսական-ընկերային բեռներ կը կուտակուին զանգուածի ուսերուն, եւ ահա, տեղէ մը ծայր կու տայ բողոքի ալիք մը, զոր օգտագործելու, շահագործելո՛ւ պատրաստ են «դրսեցիները», ի հարկին զոհաբերելով իրենց կարգ մը կամակատարները, նոր մուրհակներ դնելով իշխանաւորներու կամ յաւակնորդներու դիմաց։ Եւ «յանկերգը» կը կրկնուի՝ ձեւական կամ իրական որոշ փոփոխութիւններէ ետք։ (Լիբանանի պարագան իւրայատուկ գիծեր ունի, ինչպէս՝ որեւէ տեղ. կարելի է տասնամեակներ շարունակ դիրքերու վրայ մնալ, յաւիտենապէս վերընտրուիլ, մինչեւ իսկ որոշ դիրք-աթոռ ժառանգ թողուլ զաւակներու եւ թոռներու՝ ընտանեկան, համայնքային-թայիֆէական նկատումներով։ Մեր նպատակը բառախաղ ընել չէ, սակայն Լիբանան այս օրերուն պիտի նշէ թայիֆէականութիւնը բարելաւելու տանող Թայէֆի համաձայնագիրին 30-րդ տարեդարձը, այն համաձանյագիրին՝ որ բարեշրջման խոստումներով գոյառած էր եւ որոշ չափով արդարացուցած՝ իր նպատակները, սակայն այսօր անոր տառէն ու ոգիէն շատ բան շոգիացած է…։

Քիչ մը աւելի հիւսիս՝ կան Թուրքիոյ լարախաղացութիւնն ու բարեկամ-հակառակորդ շահագործելու փորձերը։ Սուրիա թափանցումի քայլերը իբրեւ թէ կ՝արդարացուին գաղթականներ տուն դարձնելու յաւակնութեամբ, սակայն անդին, Թուրքիա Եւրոպայի բարեկամներուն կը սպառնայ գաղթականներ նա՛եւ դէպի արեւմուտք ուղղորդելու ծրագիրներով, յիշեցնելով, որ բազմամիլիառ տոլարի օժանդակութեան խոստումները կը մնան բաց մուրհակ։ Ասդին, Լիբանանէն սուրիացի գաղթականները տունդարձի մղելու բարեմիտ քայլերը այլապէս բարեփոխութիւն բերելու իմաստով կը մնան անհետեւանք, Լիբանանի տնտեսական իրողական՝ չյայտարարուած պաշարումը կը մնայ անփոփոխ։

***

Ճամբորդենք դէպի Արեւելք։ Չինաստանի քթին շուրջ հին-նոր մեղու մը կը թռչկոտի ամիսներէ ի վեր. անիկա կը կոչուի Հոնկ Քոնկ։ Որոշ մեղաւորներ Չինաստանի յանձնելու ծանօթ որոշումը պայթեցուց բողոքի ցոյցեր, որոնք կրնան արդարացուցիչ պատճառներ ունենալ, սակայն իրողական գետնի վրայ, եւ անկախ մարդկային վնասներէն, շրջանը կրեց… նիւթական հսկայական վնասներ. երկար ատեն գործադուլ-ցոյց ընել՝ կ՝ենթադրէ աշխատանքի դանդաղում, սակայն նաեւ խանութներու, շէնքերու, ենթակառոյցներու կրած նիւթական անհաշուելի վնաս, որուն փոխարժէքը վճարողներ պիտի ըլլան, մեծ մասամբ՝ երկիրն ու ժողովուրդին գանձանակը, իսկ շահողնե՞րը…։

(Կառավարիչը կին մըն է, բայց հոն «կինը փնտռեցէք»-ը ի զօրու չէ)։
Չինաստանի դէմ այլ խաղաթուղթեր ալ կ՝օգտագործուին մերթ ընդ մերթ։ Կան ույղուրները եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ Կայ տնտեսական-առեւտրական պատժամիջոցներու թղթածրարը, որ օր մը կրնայ հակաճառութեան դուռ բանալ, իսկ յաջորդ օրն իսկ հասնիլ համաձայնութեան դրան։ Կողմնակի գիծի մը վրայ, նման դուռներ կը բացուին-կը գոցուին Հիւսիսային Քորէայի հետ։
Մերթ բացայայտ, երբեմն լուսանցքի վրայ հրահրում կ՝ապրի Աֆղանիստանի օրակարգը։ Աշխարհի յիշողութենէն դուրս բերուած է, որ կար ժամանակ, երբ Ուսամա Պըն Լատէն մը եւ իր ղեկավարած ծայրայեղական խմբաւորումները, «Քաիտա»ն օրակարգի առաջնահերթ նիւթ էին։ Յետոյ, Պըն Լատէն չքացաւ բեմէն, սակայն «ժառանգութիւնը» ո՛չ միայն չշոգիացաւ, այլ ծնունդ տուաւ «զաւակներու», որոնք տարածուեցան Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ափրիկէ, կոչուեցան «Իսլամական պետութիւն», «Շապապ» եւ այլ անուններով, մինչեւ այսօր ալ արիւն կը հեղուն ու տնտեսական կորուստներ կը պատճառեն Միջին Արեւելքէն, ասիական երկիրներէ մինչեւ Սուտան ու արեւմտեան ափրիկեան երկիրներու։ Խորհրդայիններուն դէմ պայքարելու համար կեանքի կոչուած «Թալեպանները» որակաւորում փոխեցին, ազատագրական շարժումի կոչումէն անցան ահաբեկչական-խափանարարական խմբաւորումներու ցանկին. այս խմբաւորումը երբեմն կը դառնայ ընդունելի բանակցող, յաճախ նաեւ կը մնայ դատապարտումի եւ յարձակումներու թիրախ։ Թուրքիոյ դէմ արդար պահանջով կռուող քիւրտները անմասն չեն նման խաղերէ, նորագոյնը՝ վերջին շաբաթներուն։

***
Կրնանք պտտիլ նաեւ Եւրոպայի մէջ, բայց հոն տագնապները ունին այլօրինակ պատճառներ եւ մեքենայութիւնները։

Ցատկենք ովկիանոսին միւս կողմը, հասնինք Կեդրոնական ու Հարաւային Ամերիկաներ։ Ամիսներ առաջ, հոն տաք գօտի էր Վենեզուելլան, ուր փորձ կատարուեցաւ իշխանափոխութեան, տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, ծայր առին զանգուածային գաղթի հոսանքներ՝ դէպի դրացի երկիրներ։ Հիմա, այդ տագնապը դրուած է մեղմ կրակի վրայ, Քուպան իսկ լուսանցքայնացուած է, խոհարարները աշխատանք կը տանին Չիլիի մէջ, նաեւ կը պատրաստեն Արժանթինի եւ այլ երկիրներու խոհանոցները։

Բողոքները անշուշտ որ ունին արդար պատճառներ։ Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել Վենեզուելլայի եւ Իրաքի պէս երկիրներ, որոնք քարիւղի ու բնական կազի հարստութիւններու մէջ կրնան «լողալ», եւ սակայն մատնուած են սնանկութեան, ժողովուրդը զրկուած է գործէ ու օրապահիկէ…։

Աւելի մեղմ խոհանոցներու ենթական են Գանատան եւ Մեքսիքան, առաջինը՝ առեւտրական-քարիւղի թղթածրարներու պատճառով, երկրորդը՝ գաղթականներու եւ ոճրային խմբակներու յայտնապէս անկաշկանդ գործունէութեան պատճառներով։ Սահմանին վրայ պատ կառուցողները կը պարարտանան…

***

Բողոքի շարժումներն ու զանոնք արդարացնող պատճառներու թուումը կարելի է երկարել, ներառել նաեւ Ռուսիան, ուր ընդդիմադիրներու ձայնը երբեմն բարձր կը հնչէ եւ արձագանգ կը գտնէ այլ երկինքներու տակ, կը բարձրացուին Ուքրանիոյ-Խրիմի հարցերը, Եւրոպա հասնող քարիւղատար խողովակները բանալ-գոցելու կարելիութիւնները։

Ռուսիոյ հետ աղերս ունեցող գօտիներ են, ինչպէս նշեցինք, Միջին Արեւելքը, Կովկասը եւ Ծայրագոյն արեւելքը, ուր կան նաեւ Չինաստանի, Քորէաներու եւ Ճափոնի գործօնները։ Կարկինը կարելի է տարածել նաեւ դէպի Ափրիկէ եւ այլուր։ Օրինակներ թուելը կը նկատենք աւելորդ։

***

Կրկնենք. շարք մը երկիրներու մէջ տնտեսական-ընկերային եւ յարակից տագնապներու պատճառով բարձրացող բողոքի ալիքները արդար են եւ ունին հիմնաւորող պատճառներ, խորքին մէջ՝ պաշտօնի-դիրքի շահագործում, արտաքին կողմերու շահերուն ծառայելու կամ դէմ դնելու ուղիները։

Տեղական, նեղ օղակներու մէջ հարցերը դիտելու-քննարկելու ընտրանքներուն զուգահեռ, կան նաեւ այլ գործօններ, որոնք թէեւ ի զօրու չեն վերը յիշատակուած բոլոր ոլորտներուն եւ էջերուն վրայ, սակայն կարելի չէ արհամարհել զանոնք, պէ՛տք է հաշուի առնել այդ գործօնները եւս, մանաւանդ եթէ աշխարհը դիտենք տարածքի ու ժամանակի աւելի ընդարձակ օղակներու մէջ։

Մանրամասնելով՝ խօսինք գոնէ վերջին 30-35 տարիներու ժամանակահատուածին դիտարկումով, այսինքն, սկսելով այն օրերէն, երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ փուլ գալ եւ ի վերջոյ, անցաւ պատմութեան։ Պերլինի Պատը փուլ եկաւ, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները դուրս ցատկեցին Ռուսիոյ ազդեցութենէն, ոմանք ծայրայեղօրէն յարեցան Արեւմուտքին, Վարշաւայի Ուխտը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ։ Ինչպէս դար մը առաջ, ցարական կայսրութեան փլուզման օրերուն, նոյնպէս ալ յիշեալ ժամանակաշրջանին, Ռուսիոյ ազդեցութիւնը զգալի նահանջ արձանագրեց։ (Կորպաչովի նպատակը այդ չէր, սակայն իրողական աշխարհը տարբեր տեղ չէր կրնար առաջնորդել)։ Յաջորդ տասնամեակներուն, մասնաւորաբար Պորիս Ելցինի չքացումէն ետք, Ռուսիա ձեռք առաւ սուրը՝ իր նախկին ազդեցութեան գօտիները վերանուաճելու համար, բեմ եկաւ տնտեսական եւ այլ զինակցութիւններու մարմնաւորումով։

Փլուզման օրերուն, օրինակի համար, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Իրաքը ներառող Ծոցի գօտիին մէջ ստեղծուեցաւ «պարապութիւն» մը (նման պարապութիւններ ստեղծուեցան նաեւ Կովկասի մէջ եւ այլուր)։ Քաղաքական-ռազմավարական բեմերը պարապութիւն չեն հանդուրժեր։ Արեւմուտքը թափանցումներ կատարեց ի հեճուս ռուսական ազդեցութեան, հակառակ անոր, որ ՆԱԹՕ-ն խոստացած էր «ճենթըլմէն»-ի պէս վարուիլ փլուզուած կայսրութեան հետ…։ Ներկայիս, ակներեւ է ռուսական հզօրանքին վերականգնումը, վերաթափանցումի յստակ ճիգը՝ դէպի տասնամեակներ առաջ կորսուած գօտիներէն ներս։ Ամէնէն ուշագրաւ օրինակը եղաւ Խրիմի պարագան, իսկ վերջերս՝ մինչեւ Թուրքիոյ, արաբական Ծոցի եւ ափրիկեան երկիրներ ձեռք երկարելու քայլերը։ Կովկասի պարագան նոյնքան ծանօթ է։
Ռուսիա իր հզօրանքը չի վերականգներ փլուզուած կայսրութեան նախատիպով, այլ մասնակից է վերաձեւաւորման ռազմավարական-տնտեսական-առեւտրական աշխարհը բաժնեկցելու նորագոյն «արարողութեան»։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ մագնիսական դաշտերը միայն երկու բեւեռով չեն շարժիր այսօր. Միացեալ Նահանգներու, դաշնակիցներուն (որոնք երբեմն սուր մրցակից ալ են…) կողքին, բաժնեկցութեան մրցումին մասնակից են Ռուսիան, Չինաստանը, որոշ չափով նաեւ Ճափոնը եւ այլ ուժեր։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ իւրաքանչիւր խմբաւորումի ներսիդին կան «ենթա-ուժեր», որոնք կրնան շահակիցներ որոնել-գտնել այլ խմբաւորումի մը ներսերը, առերեւոյթ անոր հանդէպ հակառակորդի դեր խաղալով…։ Հոն է որ կը գտնուին լծակները շարժող աներեւոյթ ձեռքերը։ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ, Ուքրայինայի, մինչեւ իսկ Չինաստանի եւ այլոց զուգորդող-հակադրող գիծերուն վրայ ակներեւ դարձած են այդ «ենթա-ուժերը»։ Այսպիսի իրականութեան մը գիտակցումը կը դիւրացնէ բացատրութիւնը այնպիսի շարժումներու, որոնք անվիճելիօրէն արդար մեկնակէտեր ու դրդապատճառներ ունենալու կողքին, կը «հովանաւորեն» Հոնկ Քոնկի, Լիբանանի եւ այլ «տկար օղակներ»ու մէջ ինկող երկիրներու շարժումները։ Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, օրինակի համար, որ ապրուստի ծանր եւ իրական բեռներու տակ ճնշուած լիբանանցիք (նաեւ ուրիշներ), օրեր ու շաբաթներ շարունակ գործ-բան ձգած՝ ճամբաներ փակեն, տնտեսական տագնապը գործնապէս աւելի խորացնեն…։ Արդէն գործ չկայի իրականութիւնը բացատրութիւն չէ։ Փաստօրէն, ցուցարարները կերակրողներ ու անմիջական պէտքերը հոգացողներ կան, զանոնք կառավարութեան ու որոշ ղեկավարներու դէմ ոտքի հանելէ անդին՝ որոշ ուժեր նսեմացնելու եւ քաղաքական-ռազմավարական բեմէն հեռացնելու դիտաւորութիւն ունեցողներ կան։ Տագնապի բեռներուն տակ կքած ժողովուրդը իրաւունք ունի այս բոլորը չտեսնելու եւ երկրորդական նկատելու, ինչպէս որ կ՝ընէր… մօտաւորապէս 30 տարի առաջ վերջ գտած «քաղաքացիական պատերազմ»-ի 15 տարիներուն։ (Այսօր ո՞վ կը յիշէ-կը յիշեցնէ այդ փուլը եւ իր բազմերես արհաւիրները։ Հասակ առած է սերունդ մը, որ ծանօթ չէ «պատերազմ» հասկացութեան. ու պէ՛տք է զայն զերծ պահել մոռցուած փորձութեան մէջ իյնալու վտանգէն, որպէսզի չկրկնուին 1958-ը, 1975-ը, «Արաբական գարուն»ին մէկ նոր տարբերակը չհասցուի Լիբանան, եւ ո՛չ միայն Լիբանան)։

Պէտք չէ մոռնալ ու անտեսել մանաւանդ այնպիսի իրականութիւններ, որոնք արձանագրուած են մինչեւ իսկ Աշխարհամարտի օրերուն՝ հակամարտութիւնները շահագործող եւ ազդեցութիւն ու հարստութիւն կուտակողներու «շուկայական» տրամաբանութեամբ։ Օրինակի համար, վերջին տասնամեակներուն, յաճախ խօսուած է այն շահակցական գործակցութեան մասին, որ Պուշ ընտանիքն ու նմաններ ունեցած են նացիական Գերմանիոյ հետ, պատերազմէն առաջ ու անոր առաջին տարիներուն, նաեւ՝ աւարտէն ետք։ Այլ օրինակ մը. Սատտամի դէմ պայքարելու համար Իրաք գործուղղուած ամերիկացի նախկին պաշտօնակատարներ հիմա սկսած են աւելի՛ համարձակօրէն բացայայտել այն շահադիտական նպատակները՝ որոնք պատճառ դարձան Իրաքի գրաւումներուն, իշխանափոխութեան եւ… քարիւղի հարստութեանց ցայսօր շարունակուող կողոպուտին։

Արդար ընդվզումի իրական պատճառները յարգելի են, իսկ անոնց չարաշահումը եւ բողոքողներուն կամքէն անկախ՝ այլ նպատակներու կառքին լծումը կը մնայ հին խաղին մէկ մասը, ո՛չ միակը։

…Բարեկամս իրաւունք ունի լուրերը մտիկ չընելու, սակայն գողերը մեր օձիքը չեն ձգեր, մինչեւ իսկ եթէ թոյլ տանք, որ հեռանան։

27 Հոկտեմբեր 2019