Հայ Ականազերծողներու եւ Բժիշկներու Մարդասիրական Առաքելութեան Նոր Խումբը Մեկնած է Սուրիա

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ կազմուած մարդասիրական առաքելութեան երրորդ հերթափոխի երկրորդ խումբը Հոկտեմբեր 14-ին, ռուս գործընկերներու աջակցութեամբ, մասնաւորապէս` Ռուսիոյ զինուած ուժերու ինքնաթիռով, տեղափոխուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն` Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով: