«Հայփոստ»-ը Յաղթած է Նամականիշներու Եւրոպական Մրցոյթին

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ազգային նամակատարութեան ընկերութիւնը` «Հայփոստ»-ը, յաղթած է 2019-ի նամականիշներու համաեւրոպական առցանց մրցոյթին եւ արժանացած է առաջին մրցանակին:

 1lurer.am-ի փոխանցմամբ` մրցանակը «Հայփոստ»-ի ներկայացուցիչին յանձնած են Միացեալ Թագաւորութեան Նորմանտեան կղզիներու Ջերսի քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցած է «Փոստեւրոպայ» միջազգային լիագումար համաժողովը: Հաւաքին մասնակցած են 52 եւրոպական երկիր, նամակատութեան ոլորտի 150 ղեկավար: