Սուրիոյ Մէջ Թրքական Օդուժի Հրթիռակոծումէն 3 Լրագրող Զոհուած է

Աշխարհ

Արտասահմանցի երեք լրագրողներ զոհուած են՝ սուրիական Ռաս ուլ Այն քաղաքի մօտէն անցնող ինքնաշարժներու ուղղութեամբ թրքական ռազմական օդանաւերու իրականացուցած յարձակման հետեւանքով: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը` յղում ընելով Al Mayadeen հեռուստաալիքին:

Աղբիւրին տուեալներով` ընդհանուր առմամբ, թրքական օդուժի յարձակման հետեւանքով աւելի քան 11 քաղաքացի զոհուած է: Բժիշկներու տուեալներով` զոհերու թիւը կրնայ աճիլ, քանի որ ռմբակոծման ժամանակ շուրջ 100 մարդ վիրաւորուած է:

Օդային հարուածներու թիրախ դարձած ինքնաշարժները Գամիշլիէն կ՛ուղէին Ռաս ուլ Այն` լուսաբանելու ռազմական բախումներու վայրին մէջ տիրող իրավիճակը: Ուղեւորներու շարքին էին արտասահմանեան լրատուամիջոցները ներկայացնող լրագրողներ եւ տեղի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: