«ՆերՈւժ» Ծրագիրին Դիմելու Պայմանաժամը՝ Հոկտեմբեր 21

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքահա՞յ ես եւ նոր տեսակի «սթարթափ»ի (գործառնութեան-Խմբ.) գաղափարներ ունի՞ս: Փափաք ունի՞ս վերադառնալու Հայաստան եւ հիմնելու քու սթարթափը հայրենիքի մէջ: Եթէ այո՛, ուրեմն դիմէ «ՆերՈւժ» Սփիւռքի սթարթափ ծրագիրին, որ այս տարի կը կազմակերպուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին եւ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան կողմէ:

Ընտրութեան փուլը անցած դիմողները կարելիութիւնը պիտի ունենան 16էն 20 Դեկտեմբեր, Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ մասնակցելու քառօրեայ հաւաքի մը, ծանօթանալու համար Հայաստանի սթարթափներու համակարգին, Հայաստանի մէջ զանազան գործերով զբաղուելու առաւելութիւններուն, համագործակցելու տեղացի գործընկերներու հետ եւ զարգացնելու իրենց գաղափարները:

Աւարտին, յաղթող խումբերը պիտի ստանան 15էն 30 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք  դրամաշնորհներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց սթարթափը հիմնելու համար ձեռնարկատիրական աջակցութիւն:

Այս տարի, «ՆերՈւժի»ի թիրախային տեղերն են՝ դրամական, ընկերային, կառավարման, կրթական, շարժական, ցանցային, գիւղատնտեսական արհեստագիտութիւնները, առողջապահութիւնը, մարդամեքենաներու շինութիւնը, երկրաչափական արուեստը եւ այլն:

Ծրագիրին գործընկերներն են՝ FAST-ի եւ IDeA-ի հիմնադիրները, UWC Դիլիջան համալսարանը  եւ ուրիշներ:

Պատրա՞ստ ես դիմելու. այցելէ http://neruzh.am/կայքը եւ ամբողջացուր դիմումը մինչեւ  Հոկտեմբեր 21: