Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի Կիսանդրին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մարմնամարզութեան պետական հիմնարկի (ֆիզիկական կուլտուրայի եւ սպորտի պետական ինստիտուտի) գլխաւոր շէնքին կից բացուեցաւ 1915 թուականի թրքական ճնշումներուն զոհ գացած պոլսահայ մարզիկ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրին:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին հիմնարկի ուսանողներ, դասախօսական կազմը, ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի եւ սփիւռքի թեւերու ներկայացուցիչներ: Ողջոյնի խօսքին մէջ՝ հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Դաւիթ Խիթարեան ընդգծեց Քրիսեանի` հայկական մարմնակրթական շարժման մէջ ունեցած անգնահատելի դերը: «Եթէ Փիեր տը Քուպերտէն իր մեծ աւանդը ունի ժամանակակից Ոլիմպիական խաղերու կայացման գործին մէջ, ապա նոյնատիպ մեծ աշխատանք տարած է հայկական մարմնամարկրթութեան զարգացման մէջ Շաւարշ Քրիսեանը»,- ըսաւ տնօրէնի պաշտօնակատարը:

Մարմնամարզութեան պետական հիմնարկի մարզական լրագրութեան եւ ճատրակի ամպիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած կիսանդրիի բացման ներկայ էր նաեւ Շաւարշ Քրիսեանի եղբօր թոռնիկը, որ կը կրէ մեծանուն ազգականին անունը: Շաւարշ Քրիսեան կրտսերը շեշտեց, որ մարմնամարզութեան միջոցով պէտք է յայտնի դարձնել Հայաստանը:

Ամբիոնի վարիչ Ռոլանդ Շառոյեան փաստեց, որ Քրիսեան հայկական մարմնակրթութեան հիմնադիրն է` հոգեւոր հայրը: «Կ՛անցնին հարիւրաւոր տարիներ, բայց Շաւարշ Քրիսեանի գաղափարները կը մնան մեր երիտասարդ սերունդներուն մէջ»,-ըսաւ ան:

Նոյն հիմնարկին մէջ կայ նաեւ Քրիսեանի անուան լսարան:

Շաւարշ Քրիսեան 1905-ին աւարտած է Փարիզի մարմնամարզական դասընթացները: 1905-էն աշխատած է Կ․ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու մէջ, 1911-1915 թուականներուն հիմնադրած եւ խմբագրած է հայկական «Մարմնամարզ» մարզական թերթը: 1914-ին հիմնադրած է Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ): Անոր նախաձեռնութեամբ Կ․Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած են հայկական առաջին Ոլիմպիական խաղերը: