Բառերու Գանձարանին Մէջ – 2 «Գիմ» Եւ «Քէ», Գաւառ Ու Քաղաք, Քարոզ Ու Գեհեն (Ա. Մաս)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Գիմ» տառին նկատմամբ մասնաւոր տկարութիւն մը ունիմ: Շեշտուած համակրանք մը կամ անբացատրելի գորով մը: Պարզապէս որովհետեւ հայերէն այբուբենի այս երրորդ տառով կը սկսին գիր, գիրք, գրադարան եւ գրականութիւն բառերը, որոնք, ահաւասիկ, աւելի քան երեսունհինգ տարիէ ի վեր առօրեայ մտասեւեռում, ընկեր եւ ուղենիշ եղան ինծի:

Միւս կողմէ, սակայն, կը խորհիմ, որ «գիմ»-ի նկատմամբ իմ նախընտրութիւնը խաբուսիկ է, իրական չէ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ ես խտրականութիւն ցուցաբերեմ այբուբենի տառերուն նկատմամբ ու զանոնք բաժնեմ երկու խումբի` «սիրելիներ» եւ «նուազ սիրելիներ»: Ո՛չ: Այդպիսի զատորոշում մը ճիշդ չեմ գտներ: Ընդհակառակն, ես կ՛ուզեմ թեւաբաց գրկել 38 տառերը միասնաբար, կ՛ուզեմ համահաւասար գուրգուրանք ցուցաբերել բոլորին հանդէպ. չեմ ուզեր, որ անոնցմէ մէկը կամ միւսը անտեսուի, աչքէ հեռանայ, անարդարութեան զոհ երթայ…

Հայերէնի 38 տառերն ալ, բոլո՛րը, անհրաժարելի բաղկացուցիչներն են մեր 1600-ամեայ գիր-գրականութեան:

Առնենք, օրինակ, «գիմ»-ին երկուորեակ նկատուող «քէ» տառը:

Ան բացարձակապէս ետ չի մնար «գիմ»-էն` իր կարեւորութեամբ, գործածութեան յաճախականութեամբ եւ էական դերակատարութեամբ: Բայական խոնարհումները անո՛վ կը գրենք (կը վազէք, կը վազենք, վազեցինք, վազեցիք, վազեցէ՛ք, մի՛ վազէք...), յոգնակիներու կազմութիւնը յաճախ անով կը կատարենք (տղաք, ծնողք, տիկնայք, տեարք, հալէպցիք, երեւանցիք…, նմանապէս` աչք, ոտք, ձեռք, որոնց յետադաս «ք»-ն յոգնակերտ մասնիկ է), բազմաթիւ ածանցներու կազմութիւնը անո՛ր վստահած ենք միշտ (պատմուածք, նայուածք, բարձունք, արցունք, իրաւունք, ցուցմունք, սրտմաշուք, քերուըտուք, փսփսուք, միւռոնօրհնէք, տնօրհնէք, զարթօնք, կրօնք, խելօք, ընտանեօք, աղաչանք, զարմանք, տառապանք, դաշինք, քրտինք, գործիք, կարծիք, ընթրիք, հաճոյք, խնճոյք, Յակոբենք, Մարտիրոսենք, Վարդանանք, Ղեւոնդեանք…), ու տակաւին, անհամար բառերու սկիզբը, մէջն ու ետին, «ք»-ն ունի իր պատուաւոր տեղը:

Եթէ գիւղն ու գաւառը կը գրենք «գ»-ով, ապա քաղաքն ու քարայրն ալ կը գրուին «ք»-ով:

Մալխասեան բառարանը  ճիշդ 80 էջ յատկացուցած է «գիմ»-ով սկսող բառերուն: Ասիկա մեծ թիւ մըն է: Առանձինն գրքոյկ մը կրնայ կազմել: Իսկ «քէ»ն գրաւած է 64 էջ:

Բառարանը յստակօրէն նշած է, որ «գ»-ն մեղմ բաղաձայն մըն է, իսկ «ք»-ն` թաւ է: Բայց հոս ալ սրտցաւօրէն ստիպուած ենք կրկնել, որ մենք` արեւմտահայերս, դարերու հոլովոյթով կորսնցուցեր ենք այս երկու տառերը իրարմէ զատորոշող հնչիւնային նրբութիւնը (մեղմի ու թաւի կոկորդային արտաբերումի ճկունութիւնը) ու հետեւաբար զանոնք վերածեր ենք ՆՈՅՆԱՀՆՉԻՒՆ գիրերու: Եւ հոսկէ ալ կը բխի սփիւռքահայ դպրոցական աշակերտին ուղղագրական անյաղթահարելի դժուարութիւններուն մեծագոյն մասը:

Ուղղագրական դժուարութիւնները բառնալու համար անհրաժեշտ է մօտիկէն շփուիլ բառերուն հետ: Զանոնք մօտէ՛ն ճանչնալ, կարծես թէ մեր մտերիմ ընկերները ըլլային անոնք:

         *

Վերնագրիս մէջ գործածեցի «գաւառ» բառը:

Բաւական գործածական ու լայն շրջանակներու համար հասկնալի բառ մըն է: Կ՛ենթադրեմ սակայն, որ մեր երիտասարդներէն շատեր պիտի չգիտնան անոր իմաստը, վարանումի պիտի մատնուին: Գաւա՞ռ… Այո՛:

Գաւառը երկրի մը սահմաններուն մէջ գտնուող վարչական փոքր հողատարածքն է, որ ընդհանրապէս կապուած կ՛ըլլայ աւելի ընդարձակ նահանգի մը, կ՛ունենայ նաեւ իր կեդրոնական քաղաքը: Օրինակ, Մեծ Հայքի (պատմական Հայաստան) 15 նահանգներէն իւրաքանչիւրը իր մէջ ունէր տասնեակ մը կամ աւելի գաւառներ, որոնց ընդհանուր թիւը կ՛անցնէր 175-ը: Տուրուբերանի գաւառներէն  էին Տարօնն ու Հարքը, Վասպուրականի գաւառներէն էին Ռշտունիքն ու Արտազը, Այրարատի գաւառներէն էին Շիրակն ու Կոտայքը, Ծոփքի գաւառներէն էին Բալահովիտն ու Հաշտեանքը...: Հիանալի՜ անուններ` հիասքանչ աշխարհագրութեամբ:

Մեր լեզուն մշակողները «գաւառ» արմատէն շինած են բարդ կամ ածանցաւոր բազմաթիւ նորակերտ ու իմաստալից բառեր: Յիշե՛նք` լեռնագաւառ, ծայրագաւառ, գաւառապետ, գաւառական, գաւառաբարբառ, գաւառակ, գաւառացի, բնագաւառ եւ այլն:

Բայց միայն այսքան չէ: Այս «գաւառ» բառը մեր առջեւ կը բանայ տարատեսակ իմաստներու բաւական լայն հորիզոն մը:

Ամէն բանէ առաջ ես կ՛ուզեմ յիշել մեր արեւմտահայ գաւառական գրականութիւնը, որ կարճ շրջան մը, Մեծ եղեռնէն առաջ, ի յայտ եկաւ Արեւմտահայաստանի հայաբնակ գաւառներուն մէջ ու այդ պատճառով ալ կոչուեցաւ այդպէս` «Գաւառական գրականութիւն»: Ատոր գլխաւոր մշակները եղան` Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցը, Թլկատինցին, Մշոյ Գեղամը (Տէր Կարապետեան), Հրանդը (Մելքոն Կիւրճեան), Ռուբէն Զարդարեանը, մասամբ` Յակոբ Օշականը: Այս մտաւորականները, ի տարբերութիւն պոլսաբնակ գրողներուն, իրենց գրողական ներշնչումը կ՛առնէին բացառաբար գաւառէն, այսինքն` բո՛ւն իսկ Հայաստանի հողէն: Անոնք հայկական անարատ արիւն, գոյն ու համեմ կը ներարկէին մեր գրականութեան, սեւեռումի կ՛ենթարկէին գաւառն ու գաւառացին, անոր հոգերն ու տագնապները:

Այդ հին օրերու հասկացողութեամբ, մայրաքաղաք Կ. Պոլսէն դուրս գտնուող ներքին բոլոր տարածաշրջանները կը կոչուէին «գաւառ»: Մուշէն, Կարինէն, Խարբերդէն, Ատանայէն, Տրապիզոնէն, Մալաթիայէն կամ Կեսարիայէն Պոլիս եկող անձը, ի՛նչ հանգամանք կամ տարիք ալ ունենար, «գաւառացի» մըն էր, մայրաքաղաքի բնակիչներուն աչքին (յիշեցէ՛ք Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» վիպակին «գաւառացի տէրտէր»-ը): Եւ այս «գաւառացի» բառն ալ իր մէջ ունէր քամահրանքի թաքուն երանգ մը, որ հաւանաբար կը բխէր դասակարգային կամ քաղաքակրթական տարբերութիւններէ… Կը թուի, թէ շատ մը երկիրներու մէջ ի զօրու էր այս միեւնոյն ըմբռնումը: Ֆրանսայի օրինակը պերճախօս է: Առ այսօր մայրաքաղաք Փարիզէն դուրս բոլոր քաղաքներն ու շրջանները «գաւառ» կը սեպուին: Ու եթէ հետեւեր էք Փարիզի երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթին, պիտի յիշէք, որ անոր ներքին թղթակցութիւններու լրատուական նշանաւոր սիւնակը կը կոչուէր «Ձայներ գաւառէն», եւ որ կ՛արձագանգէր Մարսէյի, Լիոնի, Տեսինի, Նիսի, Վալանսի, Կրընոպլի ու արտափարիզեան հայաբնակ բոլոր շրջաններու ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Բնաւ պէտք չէ մտահան ընել, որ արեւմտահայ մեր կորուսեալ գաւառը մտաւորական մարդուժի անսպառ շտեմարան մըն էր ինքնին: Հոնկէ՛ կու գային մեր ամէնէն արժէքաւոր ուսուցիչները, գրողներն ու հոգեւորականները: Խրիմեանն ու Սրուանձտեանցը կու գային Վանէն, Վարուժանը` Սեբաստիոյ Բրգնիկէն, Սիամանթոն` Ակնէն, Մեծարենցը` Ակնայ Բինկեան գիւղէն, Մնձուրին` Երզնկայի Արմտանէն, Արտաշէս Յարութիւնեանը` Մալկարայէն, Յովհ. Գազանճեանը` Եւդոկիայէն, Կոմիտասը` Կուտինայէն, Ռուբէն Սեւակը` Սիլիվրիէն, Թորգոմ եպս. Գուշակեանն ու հ. Արսէն Ղազիկեանը` Պարտիզակէն, Կարօ Սասունին` Սասունէն, Գուրգէն Մխիթարեանն ու Արամ Հայկազը` Շապին Գարահիսարէն, ու տակաւին աւելի նորերէն` Համաստեղը` Խարբերդի Փերչէնճ գիւղէն, Զարեհ Որբունին` Օրտուէն, Շաւարշ Նարդունին` Արմաշէն, Շուշանեանն ու Կարօ Մեհեանը` Ռոտոսթոյէն, Բենիամին Թաշեանն ու Վարդան Կոմիկեանը` Ատափազարէն, Բիւզանդ Եղիայեանը` Ատանայէն, Կարօ Փօլատեանը` Մարաշէն, Մուշեղ Իշխանը` Սիվրիհիսարէն, Ծառուկեանն ու Վահէ-Վահեանը` Կիւրինէն… Ա՛յս էր գաւառը ահաւասիկ:

«Գաւառ» բառէն յառաջացած ասութիւն մըն է «Գաւառական ժողով»-ը: Հայ եկեղեցւոյ արեւմտահայ հատուածին համայնքային-թեմական կեանքին մէջ այս անունով ծանօթ է երեսփոխանական ժողովը, որ թեմական կառոյցի մը օրէնսդիր լայնախարիսխ մարմինն է, բաղկացած` հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ:

«Գաւառական Ժողով»-ը նուիրագործուեցաւ 1863-ի Ազգ. սահմանադրութեամբ: Պոլսոյ պատրիարքութեան ենթակայ բոլոր թեմերը հետզհետէ ունեցան իրենց տեղական ինքնավար «Գաւառական ժողով»-ները, որոնք իրենց ներկայացուցիչներն ունէին պատրիարքարանի  Ազգ. Ընդհանուր ժողովին մէջ: Այս վերջին ժողովին 140 անդամները կը կոչուէին «ազգային երեսփոխան»: Ասոնց երկու եօթներորդը (40 հոգի) գաւառէն պէտք էր գային: Ըստ սահմանադրութեան, ընտրելի երեսփոխանները հարկ է որ ունենային «անձնական արժանիք»-ներ, այսինքն արքունի եւ պետական դիւանատուներու մէջ գրաւած ըլլային բարձր ու պատասխանատու պաշտօններ, ըլլային «վկայեալ բժիշկներ, օգտակար գրքերու հեղինակներ, դպրատանց ուսուցիչներ եւ ազգին օգտակար  ծառայութիւններ մատուցած անձինք» (տե՛ս «Ազգ. սահմանադրութիւն», յօդուած 65): Մինչեւ այսօր ալ «Գաւառական ժողով»-ներ ունին Լիբանանի, Բերիոյ, Եգիպտոսի թեմերը, նաեւ` քանի մը այլ գաղութներ: Այս ժողովը ի՛նք է որ կ՛ընտրէ թեմի մը առաջնորդը, իրմէ կը բխին նաեւ նոյն թեմին Ազգ. Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները (Ազգ. վարչութիւն), որոնք համարատու են իրեն: Եթէ կարդանք Ազգ. սահմանադրութեան 99 յօդուածները, կրնանք հիանալ ժողովրդավար այն սկզբունքներուն վրայ, որոնցմով առաջնորդուիլ պարտաւորուեր են մեր ազգային մարմինները, մէկուկէս դար առաջ, օսմանեան լուծին տակ, պատրիարքէն սկսեալ մինչեւ յետին թաղականներ:

«Գաւառ»-ը միաժամանակ քաղաք մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու սահմաններէն ներս: Գաւառ: Մայրաքաղաք Երեւանէն շուրջ հարիւր քմ դէպի արեւելք, Սեւանայ լիճին շատ մօտիկ, 20-25 հազար բնակչութիւն ունեցող փոքրիկ քաղաք մըն է այս, Գեղամայ լեռնաշղթային լանջին: Մեր հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզին կեդրոնն է: Քանի մը անուանափոխումներ ունեցեր է. նախապէս կոչուեր է Նոր Պայազիտ, յետոյ` Կամօ (համայնավար հայ գործիչի մը անունով): Հոս ծնած են խորհրդահայ քանի մը նշանաւոր դէմքեր, ինչպէս` դերասան Ֆրունզէ Տովլադեանը, բանաստեղծ Պահարէն, գրականագէտ Վաչէ Նալբանդեանը եւ այլն:

Հալէպ  

(Շարունակելի)