Արցախի Բարեկամներու Հանդիպումը Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հոկտեմբեր 9 -ին ընդունեց «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի պատուիրակութիւնը՝ Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ:

Նալպանտեան տեղեկացուց, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լատինական Ամերիկայի տարբեր երկիրներէ ճանչցուած անձնաւորութիւններ՝ խորհրդարանականներ, նախկին դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ջատագովներ են: Խօսելով Ստեփանակերտի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք համաժողովին մասին՝ ան նշեց, որ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուելիք միջոցառման նպատակը Արցախի հետ միջազգային կապերու զարգացումն է:

Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Լատինական Ամերիկայի բարեկամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երկու երկիրներուն ի նպաստ անոնց գործունէութեան համար: «Ուրախ եմ, որ ձեր այցը կապուած է Արցախի հետ: Բոլոր այն երկրներու մէջ, զորս դուք կը ներկայացնէք, հանդիպած եմ հայերու, որոնք, յատկապէս Մեծ եղեռնէն ետք, իրենց նոր հայրենիքը գտած են ու դարձած այդ նոր հայրենիքի լաւ քաղաքացիներ: Ի դէմս Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայ ժողովուրդին՝ դուք ունէք լաւ բարեկամներ: Բարձր կը գնահատեմ ձեր վերաբերմունքը Արցախի նկատմամբ»,- նշեց նախագահը՝ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով արցախեան համաժողովին:

Հանդիպման մասնակից համաժողովի պատուիրակները նշեցին, որ զիրենք կը միաւորէ հիացմունքն ու սէրը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ասկէ ետք եւս շարունակելու աշխուժ ջանքերը՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի: