Հայաստան Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիոյ Հանրապետութիւն. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ Թուրքոյ զինուած ուժերու ներխուժումը Սուրիոյ Հանրապետութիւն: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Երէկ Թուրքիոյ զինուած ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութեամբ, եւ ես կ՛ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ ներխուժման այդ գործողութիւնը, եւ մենք մտահոգուած ենք իրավիճակով, որովհետեւ ըստ մեր մեզի` այդ գործողութիւնը աւելի պիտի խորացնէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամը, եւ մենք կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան` գործնական միջոցներ ձեռնարկելու այդ ապօրինի գործողութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիներուն, ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններուն,  իրաւունքները պաշտպանելու համար»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ իրականացնել իր մարդասիրական առաքելութիւնը: