Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած է Գարեգին Ա Կաթողիկոսի Վախճանման 20-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման

Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ Սեպտեմբեր 22-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ երջանկայիշատակ ՏՏ Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններուն եւ յիշատակի ձեռնարկներուն: Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք նախագահ Սարգսեան հանդէս եկաւ յիշատակի խօսքով:

«Ինծի համար դժուար, բայց միաժամանակ նաեւ շատ պատուաբեր է այսօր Գարեգին Ա․ Վեհափառին յիշել ոչ միայն որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, այլեւ` անոր բարեկամը: Ես չէ, որ պիտի Վեհափառ Տիրոջը գնահատական տամ: Գնահատականը, գնահատանքը տրուած է եւ պիտի տրուի ապագային, տրուած է Աստուծոյ կողմէ` ընտրելով զայն որպէս իր զաւակը, որպէս Հայոց Վեհափառը, եւ մեր ժողովուրդին կողմէ, որ մինչեւ այսօր գնահատանքով եւ սիրով լեցուած է Գարեգին Առաջին Վեհափառին նկատմամբ,-նշած է նախագահը եւ աւելցուցած, -անձամբ իմ կեանքին մէջ Վեհափառ Տէրը շատ մեծ դեր ունեցած է: Կրնամ ըսել, որ Վեհափառը իմ աստուածաշնչային առաջին ուսուցիչը եղած է: Երբ տարիներ առաջ` 90-ականներու սկիզբը Լոնտոն էի որպէս դեսպան, եւ Վեհափառ Տէրը առաջին անգամ այցելեց Լոնտոն, ես իմ առաջին դասը ստացայ անորմէ` պատարագի ժամանակ նստած ըլլալով անոր կողքը: Պատարագը ամբողջութեամբ կատարելով` Վեհափառ Տէրը ինծի կը բացատրէր անոր ողջ հոգեւոր իմաստը: Մեր զրոյցը շարունակուեցաւ ատկէ ետք քանի մը ժամ, ապա քանի մը տարի: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէի անոր` ես հոգեւոր կեանքի եւ հայրենասիրութեան դասեր կ՛առնէի Վեհափառէն»:

Նախագահը յիշած է, որ Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ շփումներէն մեծապէս տպաւորուած էին նաեւ արտերկրի գործընկերներն ու գործիչները, որոնց հետ հանդիպումներու ընթացքին նոյնպէս ան փայլուն կը ներկայացնէր մեր ողջ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ զանոնք կը դարձնէր Հայաստանի լաւ բարեկամներ:

«Երբ Վեհափառը արդէն ծանր հիւանդ էր, Հայաստան պաշտօնական այց կատարեց Համաշխարհային դրամատան այն ժամանակուան նախագահ Ճէյմս Ուոլֆենս, որու իրական նպատակներէն մէկը Վեհափառը տեսնելն էր մահէն առաջ: Նոյն կերպով Պիլ Քլինթոն տարիներ շարունակ ինծի կը յիշեցնէր Վեհափառին հետ իր փայլուն հանդիպումը եւ այդպէս շարունակ,-պատմած է նախագահը:

«Երբ ես վարչապետ էի, ամէն երկու-երէք օրը մէկ աշխատանքի վերջը Վեհափառին հետ կը հանդիպէինք անոր երեւանեան առանձնատան մէջ ու երկար կը զրուցէինք: Վեհափառը մեծ հայ էր, մեծ մարդ եւ հսկայական հետք ձգած է: Վեհափառը կայ եւ կ՛ապրի, կ՛ապրի մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետ: Կ՛ապրի իմ ընտանիքիս եւ ինծի հետ», նշած է Սարգսեան: