Արցախի Մէջ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

Հայաստան

Արցախի մէջ տակաւին անյայտ պատճառով զինծառայող մը վիրաւորուած է: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Դեռեւս չպարզուած հանգամանքներու մէջ վիրաւորուած զինծառայող Հայկ Խաչատրեանի վիճակը ծանր է: Ըստ հնարաւորութեան՝ զայն պիտի տեղափոխենք Երեւան»,- գրած է Յովհաննիսեան: