Քուէյթի Շէյխուհին Ժամանած է Հայաստան

Աշխարհ, Հայաստան

ԵՌԱԳՈՅՆ.-ՀՀ նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեանի հրաւէրով ճանաչողական այցով Հայաստան ժամանած Քուէյթի շէյխուհի, Քուէյթի Իսլամական հնութիւններու թանգարանի (DAI) գլխաւոր տնօրէն, Ալ-Սապահ հաւաքածուի համասեփականատէր Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Տիկին Նունէ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է «Մէկերեան կարպետ» ընկերութիւն՝ ծանօթանալու հայկական գորգագործութեան պատմութեան եւ աւանդոյթներուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։

Հիւրերուն ներկայացուած է ազգային աւանդական գորգագործութեան նմուշները, հայկական զարդանախշերու նշանակութիւնը: Գորգագործման սրահին մէջ հիւրերը հետեւած են գորգերու ստեղծման ընթացքին:

Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահ հիւրընկալուած է «Երեւան իմ սէր» հիմնադրամի կեդրոն: Տիկին Նունէ Սարգսեանի հետ շրջայցի ընթացքին ան ծանօթացած է հիմնադրամի գործունէութեան ու ծրագրերուն: Ճարտարապետական կոթողներու պահպանութեան գործին մէջ զգալի փորձ ունեցող շէյխուհի Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահը հետաքրքրուած է պատմական շէնքերու վերականգնման գործին մէջ հիմնադրամի կատարած աշխատանքով ու յառաջիկայ նախագիծերով: «Երեւան իմ սէր» հիմնադրամի տարածքէն ներս գործող՝ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու սոցիալ-վերականգնողական «Լուսէ» կեդրոնէն ներս Տիկին Նունէ Սարգսեան շէյխուհիին ծանօթացուցած է հաստատութեան գործունէութիւնը:

Մինչ այդ, շէյխուհի Հուսա Սապահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, մեր երկրի պամամշակութային ժառանգութեան ծանօթանալու նպատակով, այցելած է Գառնիի հեթանոսական տաճար եւ Գեղարդի վանական համալիր: Հիւրերը շրջած են պատմական կոթողներու տարածքէն ներս, ծանօթացած անոնց բազմադարեայ պատմութեան:

Հայաստան ճանաչողական այցի ծիրէն ներս շէյխուհին աւելի վաղ եղել է նաեւ շարք մը մշակութային հաստատութիւններէն ներս, ինչպէս՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկ՝ Մատենադարան, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն: Այցի ընթացքին քննարկուած եւ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է տարբեր երկիրներու մշակոյթն ու աշխարհագրական ու ժամանակագրական տարբեր շրջաններ ներկայացնող Ալ-Սապահ հաւաքածուի նմուշները Երեւանի մէջ ցուցադրելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու մէջ մշակութային շաբաթներ կազմակերպելու վերաբերեալ: