Թիֆլիսի Մէջ Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկ Պիտի Իրականացուի

Սփիւռք

Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ Կրթութեան, Մշակոյթի, Մարմնակրթութեան եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ, Սեպտեմբեր 26-ին, Թիֆլիսի Վանօ Սարաճիշվիլիի անուան պետական երաժշտանոցի համերգային մեծ դահլիճին մէջ պիտի կայանայ Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնական ձեռնարկ: Այս մասին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմի մամլոյ եւ լրատւութեան ծառայութենէն:

Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեայ յոբելեանը ներառուած է UNESCO-ի յոբելինական ձեռնարկներու ցանկին: Հայ մեծ երգահանը՝ ժողովրդական երգերու հետ միասին՝ մեծ աւանդ ներդրած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման մէջ: Ան ստեղծած է Պատարագ, որ առանձնայատուկ է իր իւրայատկութեամբ, նորարարական կողմերով եւ աշխարհիկ ոգիով:

Կոմիտաս վարդապետի անունը անխզելիօրէն կապուած է Վրաստանի եւ վրացի ժողովուրդի հետ: Յատկանշական է, որ վարդապետական աստիճան ստանալէն ետք՝ Կոմիտաս կը ժամանէ Թիֆլիս՝ հանրածանօթ հայ երգահան Մակար Եկմալեանի մօտ երաժշտական գիտելիքները զարգացնելու եւ հարմոնիայի դասեր ստանալու համար: Այնուհետեւ՝ յայտնի բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի աջակցութեամբ՝ կ՝ուղեւորուի Գերմանիա՝ ուսանելու: Աւելի ուշ՝ Կոմիտաս վարդապետը համերգներ կու տայ եւ դասախօսութիւններով հանդէս կու գայ Թիֆլիսի մէջ՝ նորովի բանալով հայ հոգեւոր, ազգային երգարուեստի գանձարանը:

Յոբելինական ձեռնարկին պիտի ցուցադրուին հատուածներ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմէն: Համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Կոնստանթինէ Վարտելիի անուան լարային քառեակը, Տիմիթրի Պոքոլիշվիլին՝ քլառինէթ, Վիրահայոց թեմի «Մակար Եկմալեան» երգչախումբը, Մարինա Շահտինարովան (սոփրանօ): Համերգի գեղարուեստական ղեկավարն է Յովհաննէս Համբարձումեան: