«Արցախը Հայերունն Է». ANCA-ն Հրապարակած է ԿՀՎ Գաղտնազերծուած Փաստաթուղթերը Լեռնային Ղարաբաղի Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) Twitter-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան գաղտնազերծուած հաշուետւութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ:

1988-ի՝ «Կովկասեան յուզումներ եւ ազգայնականութեան սպառնալիք» անուանումով փաստաթուղթին մէջ կը խօսուի Ղարաբաղի մէջ միջցեղական խնդիրին մասին:

«1920-ական թուականներուն հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը Ատրպէյճանին շարունակական, սակայն ճնշուած հիասթափութեան աղբիւր դարձաւ հայերու համար»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ատրպէյճանի երիտասարդ բնակչութեան թիւի արագ աճը յանգեցուց երիտասարդ հանրապետութեան` երկրի առջեւ ծառացած կրթական, հասարակական խնդիրները լուծելու անկարողութեան. այս ալ յանգեցուց բնակչութեան դժգոհութեան, որ սկսաւ արտայայտուիլ հայ բնակչութեան դէմ կատարուած յարձակումներով:

Գաղտնազերծուած փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ստեղծուած է 1923-ին հայերու բնակավայրին մէջ, ուր հայերը կազմած են մարզի բնակչութեան 89 տոկոսը:

ANCA

@ANCA_DC

Declassified CIA reports confirming thatis (and always has been).

View image on TwitterView image on Twitter