Հայաստանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուին Արաբական Ամենահին Ձեռագիրները

Այլեւայլ, Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան գտնուող Քուէյթի Իսլամական հնութիւններու թանգարանի (DAI) գլխաւոր տնօրէն, Հուսա Սաբահ Ալ-Սալեմ Ալ-Սաբահի հաւաքածուի համասեփականատէր Հուսա Սապահ Սալեմ Ալ Սապահը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Այցի ծիրէն ներս Քուէյթի մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Քամել Ալ Աբտուլ Ջալիլ ըսած է, որ Հայաստան այցի արդիւնքներէն քաջալերուած` համագործակցութեան ծրագիրներ կը մշակեն:

«Երկու մեծ ծրագիր կը պատրաստուինք իրականացնել Հայաստանի հետ. Քուէյթի մէջ կը գործէ Իսլամական հնութիւններու թանգարանը, ուր կը գտնուին իսլամական մշակոյթի եւ արուեստի ամենամեծ եւ ամենահին կտորները: Պէտք է այդ նմուշներէն բերենք այստեղ: Կը մտածենք նաեւ արաբական եւ իսլամական ամենահին ձեռագիրները այստեղ ցուցադրելու մասին»,- ըսած է ան:

 Քամել Ալ Ապտուլ Ճալիլ տեղեկացուցած է, որ կը պատրաստուին նաեւ մշակութային շաբաթներ կազմակերպել` հայկական մշակութային շաբաթ Քուէյթի եւ Քուէյթի մշակութային շաբաթ Հայաստանի մէջ:

 Ան նկատած է, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ Մատենադարանի հետ:

«Քուէյթի մէջ ունինք շատ ժամանակակից սարքեր, որոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան թուայնացնել հին գիրքերը եւ անոնք ճիշդ ձեւով պահպանել»,- ընդգծած է ան: