Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Ցաւակցական Հեռագիրներ Յղած են Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հայաստան, Սփիւռք

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ անոր կինը` Նունէ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին մօր մահուան առիթով:

Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ցաւակցական հեռագիրին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորաբար կը նշէ.

«Վեհափա՛ռ տէր, խոր ցաւ ապրեցայ` ստանալով Ձեր սիրելի մօր` մեծայարգ Լուսին Քէշիշեանի մահուան գուժը:

«Քաջատեղեակ եմ տիրամայր Լուսինի հանդէպ Ձեր որդիական ջերմ զգացմունքին:

«Լաւագոյն յիշողութիւնները ունինք յարգարժան Լուսին մայրիկէն:

«Ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, մեր եւ մեր ընտանիքին մխիթարանքի ու վշտակցութեան անկեղծ խօսքերը»:

Նոյն առիթով ցաւակցական հեռագիր յղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Վեհափա՛ռ տէր, խոր ցաւով տեղեկացայ ձեր մայրիկի` տիկին Լուսինի մահուան մասին: Ապրելով հայրենիքէն հեռու` տիկին Լուսինը ընտանիքին մէջ պահպանած է ազգային արժէքներն ու հայ ընտանիքի աւանդութիւնները: Վեհափա՛ռ տէր, ատոր վառ վկայութիւնն է սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու ամրապնդման միտուած Ձեր գործունէութիւնը»:

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի ցաւակցական հեռագիրին մէջ կ՛ըսուի․ «Վեհափա՛ռ տէր, Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունէնց խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզի` Ձեր սիրելի մօր` Լուսին Քեշիշեանի մահուան կապակցութեամբ:

Ան մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս հայ կնոջ վառ կերպար, որ իր ողջ կեանքը նուիրած էր ընտանիքին, հարազատ ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ խոր յարգանք կը վայելէր հասարակութեան մէջ:

Անդառնալի կորուստի այս ծանր պահուն կը մաղթեմ տոկունութիւն ու ոգիի կորով ձեզի, հանգուցեալին բոլոր հարազատներուն ու մերձաւորներուն: Թող ամենազօր Աստուած լուսաւորէ անոր հոգին»: