Ուսուցիչներուն Աշխատավարձերը Պիտի Բարձրանան 10 Տոկոսով

Հայաստան

Կառավարութիւնը որոշում կայացուց ամավարկի եկամուտներն ու ծախսերը աւելցնել 1,665 միլիառ դրամով, եւ այդ գումարները ուղղել Սեպտեմբեր 1-էն ուսուցիչներու աշխատավարձերը 10 տոկոսով բարձրացնելուն:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ կը պատրաստուին դպրոցներու համար սահմանել ֆինանսաւորման բանաձեւ, ուր մէկ դրոյքի նուազագոյն շեմը պիտի սահմանուի 108 հազար դրամ: «Յոյս ունիմ, որ Յունուարէն ատիկա պիտի ունենանք, որ թոյլ պիտի տայ կանխատեսելի դարձնել համակարգը, ֆինանսաւորումը աւելի արդար պիտի ըլլայ, հաշուի պիտի առնուին դասարաններուն թիւը, թերբեռնուածութիւնը եւ այլն»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, ըսաւ ան:

Նախարարը նշեց, որ վերջերս ֆէյք (խաբող-ԵՌԳ․) կայքերու միջոցով լուրեր կը տարածուէին, թէ դպրոցներու մէջ ուսուցիչներու համատարած կրճատումներ կը կատարուին, որպէսզի կարենան աշխատավարձերը 10 տոկոսով բարձրացնել: «Կրճատումները եղած են սովորական, ինչպէս միշտ եղած է` հիմնականօրէն կապուած տարիքի հետ: Այս գործընթացին հետ կապուած որեւէ կրճատում չկայ: Ես կոչ կ’ընեմ լրատուամիջոցներուն տուրք չտալու այդ տեղեկութիւններուն»,-ըսաւ Յարութիւնեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս ամէնուն նպատակը ուսուցիչներու պատշաճ որակ ապահովելն է: «Մենք պէտք է համոզուած ըլլանք, որ մեր դպրոցներուն մէջ կ՛աշխատին բաւարար արհեստավարժ ուսուցիչներ, իսկ ատոր համար միշտ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք աշխատավարձերու բարձրացման: Չեմ կարծեր, որ սա յեղափոխական աճ է, բայց միւս կողմէ սա գործընթացի մեկնարկն է ու ատիկա պիտի շարունակուի, եթէ մեքանիզմները ճիշդ կառուցենք այնպէս, որ որակի հետ ուղղակի կապ ունենայ»,- ընդգծեց վարչապետը: