Արդի Ողբերգութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պատկերասփիւռի գերմանական կայան մը, Ուրբաթ, Օգոստոս 23-ի իր լուրերուն շարքին հաղորդեց, որ Պոլիվիոյ մէջ մանուկներու վճարովի աշխատանքը արտօնուած է օրէնքով. 10 տարեկան կամ աւելի փոքր մանուկներ կրնան աշխատիլ եւ դրամ շահիլ։

Հպանցիկ պրպտում մը ձեզի ցոյց պիտի տայ, որ օրէնքը խորհրդարանին մէջ որդեգրուած է 2014-ին։ Այս ու նման արդի ողբերգութիւններու մասին ահագին նիւթ կարելի է գտնել. մամուլը ընդհանրապէս քօղարկուած կը պահէ նման իրականութիւններ, որպէսզի փափկասիրտ մարդոց խնայէ յաւելեալ յուզում։ Չէ՞ որ Եմէնի ու նմանօրնիակ ծանրակշիռ ողբերգութիւննե՛ր անգամ հազուադէպօրէն ուշադրութեան կ՛արժանանան…

Տեղեկագրողը ցուցադրեց ժապաւէններ, ուր 5-6 տարեկանէն սկսեալ մանուկներ ու մինչեւ 15 տարեկան պատանիներ զանազան աշխատանքներ կը կատարեն՝ օրապահիկ, կրթաթոշակ, հիւանդ ծնողներու դեղ ապահովելու, մէկ խօսքով՝ ապրուստի տարրական միջոցներ ձեռք բերելու համար։ Ոմանք աղբանոցներու մէջէն »պիտանի իրեր« կը հաւաքեն ու կը ծախեն, ուրիշներ ծխախոտ կը վաճառեն, շինարարութիւն, երկրագործութիւն, ձեռային աշխատանքներ եւ հանքագործութիւն կ՛ընեն, կօշիկ կը ներկեն…։ Աշխատող մանուկներուն թիւը կը հասնի հարիւր-հազարներու։

21րդ դարու քաղաքակիրթ մարդուն համար, նման երեւոյթ կրնայ աներեւակայելի թուիլ, որովհետեւ մօտաւորապէս 150-200 տարի առաջ ծայր տուած՝ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպաններու առաջնահերթ նպատակներէն եղած է անչափահաս մանուկը զերծ պահել նման կացութենէ. այսուամենայնիւ, նման »ստրկատիրութիւն« կը բանի մինչեւ այսօր ալ, եւ ո՛չ միայն Պոլիւիոյ մէջ։

***

Ամէնէն ուշագրաւ գործը, որ վիճակուած է անչափահասներու, երգեցողութիւնն է։ Չէ՛, չկարծէք, որ մանուկները վճարովի բեմ կը հանեն ժողովրդային հանդէսներու կամ հրապարակային փառատօներու պահուն, այլ զանոնք կը տանին… գերեզմանատուն, որպէսզի շարականներ երգեն յուղարկաւորութեան պահուն։ Սա ամէնէն շահաբեր »ասպարէզներէն« մէկն է յայտնապէս, որովհետեւ սգաւորներ երբեմն ճշդուած սակէն շատ աւելի կը վճարեն, խղճալով մանուկներուն վրայ։ Դպրոցի ժամերէն ետք կամ դպրոցէ զուրկ՝ մանուկներ կը հաւաքուին գերեզմանատան մէջ, պատրաստ ըլլալու համար սգաւոր «յաճախորդներու»։ Մանուկ մը գանգատած է, որ գերեզմանատուներուն մէջ խածան շուներ ալ կան։ Անշուշտ 6-8 տարեկան մանուկներու մեղմ կամ բաղաձայնութիւն մատնող երգերուն մէջ հազիւ թէ… հրեշտակային բան կարելի է լսել։

***

…Դարեր առաջ, մեր Հայաստանի մէջ ալ կային վարձքով աշխատող եղերամայրեր, որոնց գործը աւելի դաժան էր. անոնք պէտք էր ողբային ու ի հարկին՝ իրենց մազերը փետտէին։

Երբ մանուկ էի, կը նախանձէի եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամ ընկերներուս, երբ յուղարկաւորութեան մը պահուն, բոլորակաձեւ կամ խաչաձեւ ծաղկեպսակներ շալկած՝ կը քալէին եկեղեցի տարուող դագաղի մը առջեւէն։ Անոնք 10-25 դահեկան պիտի շահէին այդ ձեւով։ Այդ օրերուն, նման աւանդութիւն կար. ատիկա յարգանքի արտայայտութիւն էր, եւ ո՛չ թէ մնայուն «արհեստ», ինչպէս որ է պարագան պոլիվիացի մանուկներուն, որոնք օր մը, երբ մեծնան, հպարտութեամբ կամ թախիծով պիտի պատմեն իրենց զաւակներուն, թէ ինչպիսի՛ միջոցներու դիմել ստիպուած էին օրապահիկ շահելու համար։

Այս օգնութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ երկիրը ազատեց տնտեսական ճգնաժամէ մը, երբ Էրտողան քաղաքապետական ընտրութիւններուն պայքար կը մղէր երկրին մէջ՝ իր հակառակորդներուն դէմ: Աւելի՛ն. երբ անցեալ Յուլիսին Էրտողան այցելեց Փեքին, ան յայտարարեց, որ ույղուրները «ուրախ կեանք» մը կ՛ապրին Չինաստանի մէջ: Թուրք ազգայնականները անբաստանեցին Էրտողանը չինական դրամագլուխներու եւ ներդրումներու դիմաց ծունկի գալու յանցանքով:

Այստեղ պէտք է յիշել, որ 2009-ին Էրտողան Չինաստանը ամբաստանեց ույղուրներուն դէմ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով, բան մը, որ Էրտողանի շուրջ համախմբեց ազգայնական խաւը, սակայն նոյն խաւը այսօր զինք կրնայ որբ ձգել այս հակասական յայտարարութիւններուն պատճառով: