«Կոմիտաս» Երգչախումբը Երեք Համերգներ Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Յառաջիկայ  Սեպտեմբեր 13-ին, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի երկու շաբաթով պիտի մեկնի Հայաստան՝ ընդառաջելով Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Հայաստանի Երաժշտական ընկերութեան (որուն հիմնադրութեան 60-ամեակն է, պատուոյ նախագահ՝ Դաւիթ Ղազարեան) եւ «Նայիրի» մշակութային հիմնարկի (նախագահ՝ Սամուէլ Հարոյեան) զոյգ հրաւէրներուն: Երգչախումբը հայրենի երաժշտասէր հանրութեան պիտի ներկայանայ հետեւեալ երեք ելոյթներով.

  • 18 Սեպտեմբերին՝ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան դահլիճին մէջ,
  • 20 Սեպտեմբերին՝ Վանաձորի “Շարլ Ազնաւուր” դահլիճին մէջ,
  • 24 Սեպտեմբերին՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մշակոյթի երիտասարդական պալատին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 1991-ին, Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ հիմնադրուած Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան առաջին կարեւոր նախաձեռնութիւնը եղաւ հիմնել «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբը՝ հետեւողութեամբ Իրաքի մէջ գրեթէ ամբողջ 50 տարի գոյութիւն ունեցող նոյնանուն երգչախումբին, որուն հիմնադիր ղեկավարն էր վաստակաշատ խմբավար Կարապետ Քիշմիշեան: Վերջին տասնամեակներուն Իրաքի »Կոմիտաս« երգչախումբի գործունէութեան միացած երիտասարդ անդամներէն շատեր 1990-ականներուն Լոս Անճելըս հաստատուած էին. 2007-ին, երբ Կլենտէյլի մէջ հիմը դրուեցաւ »Կոմիտաս« երգչախումբին, նշեալներէն շատեր միացան նորակազմ երգչախումբին:

20-22 անդամներով ճամբայ ելաւ խումբը՝ խմբավարութեամբ Կոմիտաս Քէշիշեանի: Ներկայիս երգչախումբը կը հաշուէ 48 անդամ, իսկ խմբավարութիւնը ստանձնած է մայէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեան, որ առաւել քան 5 տարիէ ի վեր ղեկավարէ երգչախումբը:

Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը ունի իր վարչութիւնը, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած է Արա Մարտիրոսեան: Երգչախումբի անդամներէն Վարանդ եւ Քրիստին Յովնանեաններ մօտէն կը գործակցին Արա Մարտիրոսեանի հետ եւ տիւ ու գիշեր կը ճգնին երգչախումբին՝ դէպի Հայաստան յառաջիկայ ուղեւորութիւնը ամէն գնով յաջողութեամբ պսակելու համար:

Կամաւոր եւ սիրողական կերպով երգչախումբին մաս կազմող բոլոր անդամները ոչ միայն կ՛երգեն մասնագիտական մակարդակով, այլ նաեւ կ՛աջակցին Հայաստան մեկնումի աշխատանքներուն եւ իրենք անձնապէս կը հոգան իրենց ծախսերը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ 2014-ին, օրուան սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով, “Կոմիտաս” երգչախումբը մեկնեցաւ Հայաստան եւ մասնակցեցաւ “Իմ Հայաստան” 2-րդ փառատօնին, հայկական զանազան գաղութներէ եւ Հայաստանէն ծրագիրին մասնակցող 14 այլ երգչախումբերու կողքին, արժանանալով ոսկեայ մետալի:

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք համերգներուն համար »Կոմիտաս« երգչախումբի երգացանկին մէկ բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններուն՝ ի յիշատակ այս մեծանուն հայերու ծննդեան 150-ամեակին: Երգացանկը պիտի ընդգրկէ նաեւ ազգային-հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգեր՝ հայ այլ նշանաւոր երգահաններու, ինչպէս՝ Եկմալեան, Աւետիսեան, Մելիքեան, Լուսիկեան, Յովհաննիսեան, եւ այլն:

«Կոմիտաս» երգչախումբի բոլոր անդամները մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն հայրենիք մեկնելու օրուան: Երեւան հասնելուն յաջորդող օրը Կիրակի է, եւ խումբը պիտի մեկնի Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Ս. պատարագին: Համերգային ծրագիրին կողքին խումբը նաեւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Կոմիտաս Վարդապետին՝ այցելելով Պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղելով, ապա ծառատնկում պիտի կատարէ Հանքաւանի “Նայիրի” մշակութային այգիին մէջ, իսկ ազատ ժամերուն պիտի այցելէ Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրեր, պետական, պատմական, մշակութային կառոյցներ, կոթողներ, եկեղեցիներ, վանքեր եւ հայրենական նոր ու ժամանակակից փորձառութեամբ պիտի հարստացնեն իրենց կեանքը:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդման ճամբուն վրայ գնահատելի են գեղարուեստական խումբերու այս շրջապտոյտները, որոնք կը ստեղծեն կենդանի շփում հայրենի եւ սփիւռքահայ քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ, նաեւ երգի ուժով եւ տաղանդի փայլատակումով կ՛ամրագրեն հայ ազգի գոյութեան երթը դէպի յաւիտենութիւն:

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուններուն իրենց ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան համար:

Բարի երթ “Կոմիտաս” երգչախումբի անդամներուն ու պատասխանատուներուն. ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթենք անոնց ազգօգուտ ծրագիրներուն:

(Հաղորդագրութիւնը՝ ՔՀԵ Միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբէն)