Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած է ՄԱԿ-ի Մէջ Բազմալեզւութեան Հարցերով Համակարգող

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է ՄԱԿ-ի մէջ բազմալեզւութեան հարցերով համակարգող: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը:

Մովսէս Աբէլեան պատասխանատու պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան մէջ բազմալեզւութեան իրականացման համար, որ կը համարուի ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարութեան առաջնահերթութիւններէն` որպէս կազմակերպութեան հիմնական արժէքներէն մէկը:

Մինչ Մովսէս Աբէլեանի նշանակումը բազմալեզուութեան հարցերով համակարգողի պարտականութիւնները կատարած է Քեթրին Փոլարտը: