Դրամաշնորհի եւ Ֆինանսական Աջակցութեան Մրցոյթ Սուրիահայ Ուսանողներու Համար

Uncategorized, Հայաստան, Սփիւռք

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը («Հալէպ» ՀԿ)  «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սիրով կը յայտարարէ սուրիահայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթաթոշակներու եւ ֆինանսական աջակցութեան մրցոյթ: Ծրագիրը կ՛իրականացուի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան Կլոր սեղան միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի (ՀԿՍ) ֆինանսաւորումով:

Դիմորդները պէտք է ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած համալսարաններէն որեւէ մէկուն բակալաւրիատի, մագիստրատուրայի կամ ասպիրանտուրայի ()ուսանողներ:

Կրթաթոշակին դիմելու համար կը խնդրենք լրացնել յայտը եւ անհրաժեշտ այլ փաստաթուղթերու հետ ներկայացնել «Հալէպ» ՀԿ: Դիմելու պայմաններուն, ընտրութեան չափանիշներուն, պահանջուող փաստաթուղթերուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին տեղեկանալու, ինչպէս նաեւ յայտը ներբեռնելու համար անցէք հետեւեալ յղումով`  Scholarship Application Form.

Դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտն է սոյն թուականի Սեպտեմբեր 17:

Դիմումի ամբողջական փաթեթը  ներկայացնել «Հալէպ» ՀԿ`  Հիւսիսային պողոտայ 11 (մուտքը` Աբովեան փողոցի կողմէն), -1 յարկ:

Հարցերու պարագային կրնաք զանգահարել 098/096 545361 հեռախօսահամարին կամ գրել ելեկտրոնային նամակ` araksmartirosyan@aleppo-ngo.org հասցէին: