Իր Մահկանացուն Կնքեց Երգիչ Ատիս Հարմանտեան

Սփիւռք

Երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ 74 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ հռչակաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան` 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Սանթա Մոնիքա հիւանդանոցին մէջ:

Ատիս Հարմանտեան, որ կը նկատուէր հայ ժողովրդային երգերու ռահվիրան, ծնած է 14 յունուար 1945-ին, Պէյրութի մէջ: Ան 1960-էն սկսեալ մեկնաբանած է աւելի քան 400 երգեր:

Արժանացած է զանազան մրցանակներու: Իր երգած «Ծաղիկներ», «Նունէ», «Գարուն գարուն», «Այլ աչեր» եւ ուրիշ բազմաթիւ երգեր արժանացած են սփիւռքահայութեան գնահատանքին: