Բազմազաւակ Ընտանիքէն 7 Երեխայ Ուղեւորուեցաւ Դպրոց․ Անոնք Ունին 15 Երեխայ

Այլեւայլ, Հայաստան

Բազմազաւակ Մարտիկ եւ Անժէլա Մելքոնեաններու ընտանիքէն Սեպտեմբեր 1-ին 7 երեխայ ուղեւորուեցաւ դպրոց, կը յայտնէ «Մեդիա ինֆօ-ն»։

Մելքոնեաններու ընտանիքը Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաերիտասարդ բազմազաւակ ընտանիքներէն է:

Անոնք ունին 15 երեխայ: Փոքրը` Յակոբը, 10 ամսական է:

Ծնողները կը հաւաստիացնեն, որ 15 երեխայով պիտի չբաւարարուին, պիտի ունենան այնքան, որքան Աստուած տայ: