«Ժամանակի Հրաշալիքը» Ժամացոյցի Աշտարակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի յոբելենական մարմինին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, մասնակցութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ սրտաբուխ նուիրատուներու, կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ «Ժամանակի  հրաշալիքը» անունը կրող ժամացոյցի աշտարակի բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Բացումը սկիզբ առաւ ժամը ճիշդ 6:00-ին` զանգի առաջին հնչումով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով:

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, թէ Այնճարի պատմական ժամացոյցը հաստատուած էր «Հիլֆպունտ» կազմակերպութեան բարերարներու եւ միսիոնարներու կողմէ: Ապա ան անդրադարձաւ Այնճարի մէջ միսիոնարներուն, յատկապէս քոյրեր Հետուիկի, Մարիի եւ Աննայի երկարատեւ եւ անձնուէր ծառայութեան, Մուսա լերան կարիքաւոր գաղթականներուն, որոնք երկարամեայ  հալածանքներէ ետք հաստատուած էին Այնճար` նոր կեանք մը սկսելու: Ըստ անոր, Այնճարի պատմական ժամացոյցը ո՛չ միայն ժամանակը ցոյց կու տար գիւղի բնակիչներուն, այլ նաեւ դարձած էր խորհրդանիշ կեանքի յարատեւման` հակառակ պատերազմին, հալածանքներուն, սովին եւ համաճարակներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը. պատուելին այս առիթով  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ծրագիրի իրականացման:

Գեղարուեստական բաժինով Պէյրութի Հայ աւետարանական նուագախումբը, որուն անդամներն էին  Մինաս Ադամեան, Դալար Հայտոսթեան, Կարին Հայտոսթեան, Արի Վարդանեան, Դանիէլ Գժտրեան եւ Արէն Տէյիրմէնճեան, ներկայացուց «Ինչ մեծ ես դուն» երգը` հայերէնով եւ անգլերէնով:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ներկայացուցիչ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նախ անդրադարձաւ ժամացոյցներուն ունեցած խորհուրդին` դիտել տալով, որ անոնք կը խորհրդանշեն կեանքի արժէքը, անոր ընթացքը, խորքը, իմաստը:  «Հին օրերէն ի վեր մարդ արարածը ջանացած է հետեւիլ արեւու շարժման ու անոր կշռոյթին, եւ անոր համաձայն հաւասարակշռել գործն ու դադարը, դաշտի կանչն ու պատկանելիութեան ապահովութիւնը, նոյնիսկ զանազանել բարին չարէն: Ժամացոյցները ներկան ցոյց տալով հանդերձ, միշտ որոշած են ապագայի ընթացքը: Հապա աշտարակները: Անոնք միշտ նշանաւոր եղած են բարձրերը հասնելու եւ լայնատարած շրջաններու երեւելի ըլլալու յատկութիւններով: Ոչ մէկ աշտարակ ինքնանպատակ եղած է: Աշտարակը ծառայած է իրմէ աւելի բարձր նպատակի: Հեռուն տեսնելու, դիրք կամ ուղղութիւն ճշդելու, կալուած պաշտպանելու, լոյս սփռելու, ժամը ցոյց տալու, յիշատակ մը յարգելու», նշեց ան:  Ապա վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, թէ Մուսա լերան գրեթէ առասպելական ժողովուրդը ծանօթ դարձաւ իր ժամերը համրելով, մինչեւ օրերու 40-ը, նաեւ վերջին 80 տարիներու ժամերը վերածեց պտղաբերութեան եւ զարգացման առիթներու: «Այս աշտարակը յուշարար պիտի դառնայ բոլորին, թէ նոյնիսկ երբ մեքենական ժամացոյցին չդիմենք, մենք անսահմանութեան Տիրոջ հովանիին տակ բարձրօրէն պիտի արժեւորենք մեր օրերը` զանոնք բարի դարձնելով»: Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան մաղթեց, որ Այնճարը իր անցեալի պատմութեամբ շարունակէ բարձրօրէն ցոյց տալ մեր նոր ժամերուն եւ ժամանակներուն, թէ ո՛ւր է մնայունը, կեանքը իմացեալ, կեանքը նուիրեալ եւ կեանքը հայկական:

Ապա Այնճարի Հայ աւետարանական նուագախումբը, որուն անդամն է Յասմիկ Այնթապլեան` ընկերակցութեամբ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Լոռի Գատէյեաններու ներկայացուց «Կուժն առայ» եղանակը:

Անկէ ետք  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետութեան խօսքը արտասանեց Միհրան Աշգարեան, որ ըսաւ, թէ գործընթացի մը ժամանակամիջոցը երկու փուլերու միջեւ (սկիզբ եւ վերջ) կը չափուի ժամով` դիտել տալով, որ ժամացոյցի աշտարակի պարզ բացում մը չէ կատարուածը, այլ հաստատումն է ժամանակի մը գոյութեան` ամբողջ 80 տարիներուն: Ապա ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան եւ ժողովուրդի կապին` նշելով, որ միշտ ալ ՀՅԴ-ն եղած է պանծալի ժողովուրդին կամքը արտայայտող ուժգին ներկայութիւն: «Սերունդներ ամբողջ Դաշնակցութեան կայծը իրենց ափերուն մէջ պահելով զայն փոխանցեցին իրարու, այդ կայծը վերածուեցաւ կրակի` ըլլալով առաջնորդող լոյս մթութեան մէջ», շեշտեց ան: Ապա Միհրան Աշգարեան  անդրադարձաւ այն ժամանակներուն, երբ մուսալեռցիք տարբեր տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարելով հասան Այնճար, ու իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեզի պէս հայրենակիցներ ունենալով ոչ մէկ վախի կամ դժուարութեան դիմաց կրնանք ընկրկիլ, որովհետեւ ձեզմէ է, որ մենք ուժ կը ստանանք եւ կը ներշնչուինք` կերտելու մեր գիւղի նոր ժամանակները, ձեր անսահման նուիրագործումին շնորհիւ: Հայ ժողովուրդ եւ ՀՅԴ փոխադարձ ներգործութիւնը պիտի յաւերժանայ»:

Այնուհետեւ «Հիլֆսպունտ»-ի միսիոնարութեան կողմէ այս առիթով յատուկ յղուած խօսքը, որուն մէջ պատասխանատուները իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնեն այս աշտարակի բացումին առիթով եւ կը շնորհաւորեն Այնճարի 80-ամեակը, արտասանեց  Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան:

Անկէ ետք Այնճարի Հայ աւետարանական նուագախումբը` ընկերակցութեամբ Հելենա Քերքեզեանի, ներկայացուց «Կռունկներ» եղանակը, որմէ ետք Սեւան Աբէլեան ընթերցեց  Յովել Շնորհօքեանի խօսքը, ինչպէս նաեւ անոր վկայութիւնը քոյր Հետուիկի մասին: (Յիշենք նաեւ, որ Յովել Շնորհօքեան նուիրատուն էր վիճակահանութեան արժէքաւոր նուէրին` ժամացոյցին):

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ այս առիթով կազմակերպուած վիճակահանութիւն – վիճակաձգութիւնը, ապա Պէյրութի Հայ աւետարանական նուագախումբը ներկայացուց «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Թռչէի մտքով տուն» երգերը: Արփա Այնթապլեան-Շաննաքեան ներկայացուց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» ասմունքը, որմէ ետք Մինաս Ադամեան երգեց «Մուսա լերան զաւակներն ենք» երգը:

Տէրունական աղօթքով եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի օրհնութեան աղօթքով յայտագիրը վերջ գտաւ: