Երեւանի Մեթրոյի Բոլոր Կայարաններուն Մէջ Կը Հնչեն Տիգրան Մանսուրեանի Ստեղծագործութիւնները

Այլեւայլ, Հայաստան

«Մանսուրեան-80» յոբելեանական ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 1-13 Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ պիտի հնչեն ՀՀ ժողովրդական արտիստ, երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները:

Այս մասին կը յայտնէ «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մետրոփպոլիտէն» ընկերութեան մամուլի խօսնակ Տաթեւիկ Խաչատրեանը: