Բակօ Սահակեան Մասնակցած է Արցախի Անկախութեան 28-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներուն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 2-ին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն, կը հաղորդէ yerkirmedia-ն:

Նախագահ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:

Ձեռնարկներուն կը մասնակցին նաեւ ԱՀ երկրորդ Նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը,Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն: