Գիտական Աշխարհի Մեծ Կորուստը. Ցաւակցական

Այլեւայլ, Սփիւռք

Տատրեանի հարազատներուն

Զօրեան հիմնարկի ղեկավարութեան

Խոր ափսոսանք ապրեցանք լսելով մեծանուն հայու, տաղանդաշատ գիտնականի, եզակի  ցեղասպանագէտներէն մէկուն Տատրեանի մահուան լուրը: Անոր կորուստը մեծ ցաւ է ոչ միայն հարազատներուն, բարեկամներուն, Զօրեանականներուն, այլ ողջ հայ ժողովուրդի, գիտական աշխարհի համար:  Բոլորս կը սգանք եւ կը ցաւակցինք իրարու:

Իւրաքանչիւր հայ ակնածանքով, հպարտութեամբ կ’արտաբերէ տաղանդաւոր ու հռչակաւոր իր հայրենակիցի անունը, ան մեր  դատի խօսափողն էր՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան, Թուրքիային:

Տատրեանը իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց ցեղասպանութիւններու  եւ յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան պատճառներու հետազօտման խնդիրին:

Անոր բեղուն գրիչին կը պատկանին բազում գիրքեր, գիտական յօդուածներ, միջազգային ամենատարբեր համաժողովներու զեկուցումներ: Ան կրթած եւ պատրաստած է բազմաթիւ ցեղասպանագէտներ, առանց որոնց  այսօր  անհնար է պատկերացնել ցեղասպանագիտութեան  զարգացումը:

Մեր ժողովուրդը  հզօր է իր ներուժով, իր տաղանդաւոր հայորդիներով ու մրցունակ երիտասարդութեամբ:

Նախնեաց եւ կենդանի լեկենտներու, յատկապէս իրենց հայրենակից­ներու օրի­նակ­ները յաճախ վարակիչ կը դառնան իրենց համար ու զիրենք կը մղեն լաւ գործեր կատարելու եւ կը շարունակեն հպարտ հայ մնալ նաեւ Տատրեանի  օրինակով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նախապատրաստուելու ժամանակ Հայաստանն ու Սփիւռքը  հազարաւոր ձեռնարկներ իրականացուցին եւ   ինծի բախտ վիճակուեցաւ  տարբեր համաժողովներու, քննարկումներու ժամանակ մօտէն ծանօթանալու  մեր Մեծ հայրենակիցին, լսել զինք, ըմբոշխնել անոր վեհ ներկայութիւնը: Պարզ, մարդկային, առեւեւոյթ խաղաղ այս անձնաւորութեան մէջ կարծես խտացած, առնականացած էր հայ ժողովուրդի ցաւն ու պահանջատիրութիւնը: Անոր անունն ու գործը յաւէրժ կը մնայ հայոց պատմութեան մէջ, անոր կերպարը դաս եւ օրինակ է մեր երիտասարդութեան համար:

Ափսոս, հազար ափսոս, որ այեւս մեզ հետ չէ  հայ դատի հզօր պաշտպանը, սակայն նոյնիսկ մահէն ետք ան իր ձգած ահռելի  գիտական ժառանգութեամբ  պիտի շարունակէ  հայոց ցեղասպանութեան համար պայքարը:

Ցաւով՝

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ