Պէյրութի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Սրբանկարի Օծում

Սփիւռք

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Պատարագի ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Մատլէն Վարդանեանի գծագրած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու սրբանկարի օծում:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան նկատել տուաւ, որ չկայ աւելի գեղեցիկ բան աշխարհի վրայ, քան Տէրը օրհնելը եւ փառաբանելը` աւելցնելով, որ մեր կեանքը ինքնին օրհնութիւն է, տրուած` Քրիստոսի կողմէ, որովհետեւ մենք` իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ,  այդ օրհնութիւնը եւ բարիքը ամէն օր մեր կեանքին մէջ կը վայելենք, երբ առաւօտեան մեր աչքերը կը բանանք եւ Աստուծոյ` մեզի պարգեւած լոյսը կը տեսնենք: «Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւս օծուեցաւ եւ շուտով պիտի զետեղուի մեր ազգի պարծանք, սրբութիւն, օրինակ եւ իտէալ ապրիլեան մեր սուրբ նահատակներու պատկերը», ըսաւ հայր սուրբը եւ բարեբախտութիւն նկատեց, որ սրբազան հօր առաջին ու մնայուն մտայղացումները եւ աղօթքները ուղղուեցան դէպի Աստուած հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յաջողութեան համար` աւելցնելով, որ Լիբանանի հայոց թեմը եկեղեցիներուն մէջ ո՛չ միայն նիւթապէս կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի, այլեւ` ժողովուրդի սէրը, յարգանքը եւ կապուածութիւնը եկեղեցւոյ նկատմամբ ամէն օր եւս կ՛աճի:

«Սրբազան հայրը ուզեց այս եկեղեցւոյ մէջ եւս օծել հայոց նահատակաց սրբապատկերը, որովհետեւ հայոց ինքնութիւնը, հաւատքը եւ մանաւանդ հայոց գոյութեան պատճառը այսօր տակաւին չչորցած եւ տակաւին արդարութեան չհասած մեր ապրիլեան սուրբ նահատակներուն արեան կանչն է», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ այսօր ամբողջ աշխարհը կը վկայէ, որ մենք ապրիլեան նահատակներ ունեցանք, սակայն անոնք սրբադասուեցան, եւ այդ սրբադասումին արդիւնքը այսօր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ մեր ժողովուրդը կը վայելէ անոնց ներկայութեամբ, թէկուզ պատկերով, սակայն մեր ժողովուրդին կողմէ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը  այդ պատկերին նկատմամբ, կ՛արդարացնէ ապրիլեան նահատակներուն սպասումը մեզմէ` իբրեւ ժողովուրդ:

Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը ըսաւ, որ երբ մենք կ՛օծենք ապրիլեան սուրբ նահատակաց պատկերը, այդ պատկերը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պարզապէս տեսք, գեղեցկութիւն, արարողութիւն պէտք չէ ըլլայ, այլ` մեզմէ իւրաքանչիւրին համար հրաւէր մըն է նահատակներուն կողմէ եւ սրբազան հօր կողմէ`  իբրեւ համայնքին եւ ազգին հայրը, որ մենք` իբրեւ զաւակները եւ հետեւորդները ապրիլեան նահատակներուն, պահ մը մտածենք անոնց նահատակութեան եւ սրբութեան մասին: «Այսօր մենք նայելով ապրիլեան մեր նահատակներուն պէտք է առաւել եւս պատասխանատու զգանք մենք մեզ ոչ թէ նահատակուելու համար, այլ` մեր նահատակներուն արեան գինը, արդարութիւնը պահանջելու աշխարհէն եւ մեր թշնամիէն, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Աստուածածինի բարեխօսութեամբ եւ մեր սուրբերու հաւատքի տեսլականով մենք կարենանք պաշտպանել անոնց արդար դատը», հաստատեց հայր սուրբը` աւելցնելով, որ կեանքը նահատակութիւն է, պայքար է, սակայն այսօրուան կեանքին նահատակութիւնն ու պայքարը իր նպատակը ունի, եւ այդ մէկը Քրիստոսով, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի առաջնորդութեամբ ապրիլն է, եւ այդ բոլորը մենք կրնանք յաղթահարել մեր հաւատքի զօրութեամբ, մեր կապուածութեամբ, Աստուծոյ տան նկատմամբ: