Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Հրթիռներուն՝ Վար Առնելով Անոնց Մեծամասնութիւնը

Uncategorized

Շաբաթ գիշեր, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Դամասկոսի ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, գիշերուան ժամը 11:30-ին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը նկատած են Կոլանի բարձունքներուն կողմէ Դամասկոսի ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռները եւ անմիջապէս հակադարձելով վար առած են անոնց մեծամասնութիւնը, նախքան անոնց թիրախին հասնիլը։