ՀՀ Նախագահը Կը Զօրակցի Պետականութեան Ամրապնդման Ծառայող Քաղաքական Որոշումներուն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի,  թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւողական կերպով հանդէս կու գայ յօգուտ այն քաղաքական որոշումներուն, որոնք կը բխին հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային շահերէն։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թէեւ Սահմանադրութեամբ նախագահը իրաւասութիւն չունի միջամտելու իշխանութեան միւս մարմիններու աշխատանքին, սակայն մնայուն կերպով պատրաստակամ է համազգային եւ համապետական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու պարագային օգտակար ըլլալ՝ իր փորձառութեամբ ու խորհուրդներով:

«Միեւնոյն ժամանակ կ՝ուզենք յիշեցնել, որ վերջերս Լոռի մարզ այցելութեան ժամանակ, կարեւոր համարելով բնապահպանութեան խնդիրը, Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս նշած էր. «Յատուկ ջանքեր պէտք է ներդնենք, որպէսզի բնութեան վնաս չտանք: Պէտք է յստակ ծրագիր ունենանք, թէ ինչ կ՝ընենք ե՛ւ բնապահպանութեան, ե՛ւ տնտեսութեան, ե՛ւ զարգացման, ե՛ւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ»: