Յաջորդական Նուաճումները Նոր Յանձնառութիւններու Կը Մղեն Եուրոզը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մովսէս Ծիրանի

Տնանկի կարգավիճակէն հազիւ ձերբազատած եւ շնորհիւ իր արտակարգ տաղանդին, յանկարծ, առանց մասնաւոր ճիգի, Եուրոզի տարիներու երազանքը իրականութիւն կը դառնար, ու երփնագրելու յարմարաւէտ բացառիկ պայմաններ կը ստեղծուէին իրեն համար: Այդ օրէն ի վեր առհաւականօրէն իր մէջ կուտակուած լիցքաթափուելու ներքին մղումները հանգիստ չեն տար անոր: Եթէ հետեւինք իր կեանքի կշռոյթին, պիտի նշմարենք, որ ան ոչ միայն արարչական հեշտանքի «անբաւարարուածութենէ» կը  տառապի, այլ նաեւ ի վերուստ գեղագիտական յարատեւ որոնումներու «դատապարտուած» կը թուի ըլլալ: Ճշմարտութիւնը այն է, որ այս արուեստագէտը ո՛չ կը գոհանայ իրերայաջորդ նուաճումներով եւ ո՛չ ալ կը շլանայ միջազգային գնահատումներէն, ընդհակառակը, այսպիսով, ան ինքզինք ստեղծագործական նոր յանձնարարութիւններու տակ կը դնէ: Կարենալ յայտնաբերելու եւ դրսեւորելու համար իր էութեան մէջ անթեղուած ոգեղէն գանձերը, ան ժամանակի ընթացքին աւելի ու աւելի կը մխրճուի իր ենթագիտակիցի հոգեմտաւոր ծալքերէն ներս ու կը շարունակէ իր բեղմնաւոր ուսումնասիրութիւնները: Հասկնալի է, որ այս բոլորը գերագոյն ճիգ, լարուած ու յարատեւ աշխատանք կ՛ենթադրեն: Այնուամենայնիւ, Եուրոզին ո՛չ ստեղծագործելու ներքին կրակը կը պակսի, ո՛չ հզօր երեւակայութիւնը եւ ո՛չ ալ աշխատասիրութիւնը:

Հոս պիտի չանդրադառնանք անոր անցեալի այն նուաճումներուն, որոնք արդէն իսկ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն:

Այս պարագային առիթները երեքն են.

Ծառերու պարը

– Առաջինը` անցեալ տարուան նոյեմբերին, Եուրոզի մէկ գլուխ գործոցը` «Ծառերու պարը» մնայուն ցուցադրութեան արժանացաւ ամերիկեան «Coral Springs Museum of Art» ժամանակակից արուեստի թանգարանին կողմէ: Իւղաներկով կտաւի վրայ երփնագրուած այս մեծղի գործը` «Ծառերու պարը» կը պատկանի «Symbiosis» շարքին: Սիմպիոսիս հին յունարէնով բառացիօրէն կը նշանակէ «համակենսութիւն»: Եուրոզ կ՛ակնարկէ մարդու եւ բնութեան համատեղ համերաշխ գոյակցութեան: Փաստօրէն մարդն ու բնութիւնը ստեղծուած են զիրար ամբողջացնելու եւ իրարու գոյատեւումը ապահովելու համար, սակայն այսօր գաղտնիք մը չէ, որ բնութիւնը անխնայ կերպով կը փճացուի մարդուն կողմէ եւ մեծագոյն տուժողն ու զոհը նոյն ինքն մարդկութիւնն Է: Հոս արուեստագէտը հանդէս կու գայ իբրեւ բնութեան եւ կեանքի պաշտպան: Այս առիթով թանգարանին տնօրէնը` Ճուլիա Էնտրիւզ կ՛ըսէ. «Անոր «Ծառերու պարը» գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը կը դրսեւորէ խոր ոգեղինականութիւն եւ կարեկցանք` հանդէպ բնութեան: Մենք հպարտ ենք ու պատիւ ունինք Եուրոզի երփնագիրը ներառելու «Coral Springs Museum of Art» թանգարանի մնայուն հաւաքածոյին մէջ»: Ի դէպ, բարձր հեղինակութիւն վայելող այս թանգարանը, իր լաւագոյն տասնեակին մէջ, Տէյլ Չիուլիի եւ Թուլուզ Լոթրեքի շարքին, կը յիշէ նաեւ Եուրոզի անունը:

Զրոյց

– Երկրորդը «Հիյաթթ» հիւրանոցային ցանցի պատուէրն էր: Շնորհիւ Եուրոզի ներկայացուցած յղացքի, սերտուած ու մարդկայնական բովանդակութեան եւ մանաւա՛նդ գեղարուեստական ինքնատիպ լուծումներուն` բազմաթիւ թեկնածուներէն նախապատուութիւնը կը տրուի իրեն: Ստեղծագործական երկարատեւ երկունքէ մը ետք, ի վերջոյ «Զրոյց» խորագրուած այս գլուխ գործոցի պաշտoնական բացումը տեղի ունեցաւ անցնող տարուան նոյեմբերի 16-ին, Կլենտէյլի մէջ պետական մակարդակով: Իրականութեան մէջ ասիկա բարդ եւ բովանդակալից յօրինում (installation) մըն է, ձօնուած` մարդ էակի եւ միջավայրի փոխյարաբերութեան թեմային: Պողպատակերտ գլխաւոր կոթողը, որ խօսակցութեան բռնուած երկու վերացարկուած դէմքեր կը ներկայացնէ, զետեղուած է Սենթրըլ եւ Ուիլսըն պողոտաներու խաչմերուկին` նորակերտ «Հիյաթթ» հիւրանոցին անկիւնը, որուն ճակտոնապատը քանդակազարդուած է ներսէն թէ դուրսէն` իբրեւ շարունակութիւնը մուտքին սկսած «Զրոյց»-ին: Եուրոզ այս առիթով հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Յոյս ունիմ, որ իմ յղացքը կրնայ ոգեւորող կապ մը ստեղծել ակնդիրներու` ըլլայ տեսողական թէ զգացական ոլորտներու միջեւ: Այսպիսով, արուեստի գործը չի մնար լոկ իբրեւ քանդակ արուեստասէրներու համար, այլ իբրեւ անբաժանելի մաս` կ՛ընդելուզուի անոնց էութեան այնպէս, ինչպէս բարձրորակ ճարտարապետական կառոյց մը` իր միջավայրին: Այս նախագիծ-իրագործման համար մղուած եօթը տարուան տարբեր բնոյթի որոնումները ներշնչեցին զիս, որպէսզի կարողանամ շարունակել ու բացայայտել ուրոյն (գեղագիտական) ուժը իւրաքանչիւր արտայայտչամիջոցի եւ նուաճուած յղացքի: Այսպիսով, իմ կեանքի «պոէմը» կը թեւակոխէ դէպի (ստեղծագործական) նոր տարածականութիւն:

Փոխյարաբերութիւն

Երրորդը, որ շատ աւելի մեծ միջազգային նշանակութիւն եւ տարողութիւն ունի, անցնող յուլիսի 16-ին զետեղուեցաւ Չինաստանի Կանժու նահանգի Մինկուին քաղաքին անջրդի բացատի տարածքին: Սակայն` ինչո՞ւ յատկապէս Կանժու նահանգին մէջ: Այս հարցը իր տրամաբանական եւ համոզիչ բացատրութիւնը ունի: Անցնող տարիներուն բնակլիմայական փոփոխութիւններու պատճառով Կանժու նահանգը կը զրկուի ջուրէ եւ, հետեւաբար, նաեւ բուսականութենէ: Նահանգը մարդաթափումէ փրկելու եւ տարածաշրջանը շահաւէտ դարձնելու համար պետութիւնը նախ կ՛որոշէ ջրամատակարարման արհեստական ցանցեր կառուցել ու ապա` յօրինումներու եւ կոթողներու բացօթեայ թանգարան մը ստեղծել, որպէսզի քաջալերեն նաեւ զբօսաշրջային մշակոյթը: Բազմակողմանիօրէն շահաւէտ այս մրցումին կը մասնակցին 2700 կերպարուեստագէտներ` ամբողջ աշխարհէն: Մասնագէտներու կողմէ նախ կ՛ընտրուին յիսուն գործեր, որոնք կը վստահուին յատուկ դատական կազմի մը վերջնական վճիռին: Համակողմանի քննարկումներէ եւ վերլուծումներէ ետք կ՛որոշուի տասը յղացքներ միայն զետեղել խնդրոյ առարկայ տարածքին վրայ: Այսպիսով, Եուրոզի «Փոխյարաբերութիւն» (communication) յօրինումը կը մտնէ աշխարհի լաւագոյն տասնեակին մէջ: Պողպատակերտ եւ ութ մեթր բարձրութիւն ունեցող այս յղացքը կը ներկայացնէ չորցած, բայց բողոքելու եւ վերակենդանանալու ընդունակ ծառ մը, որուն երկու կողմերը զետեղուած են կանացի եւ տղամարդու գլուխներ, որոնք մէկ կողմէ հողէն բուսած կը թուին ըլլալ եւ միւս կողմէ` հայեացքնին ուղղած են դէպի վեր եւ կը սպասեն, որ անձրեւ գայ, «Ծառը» ծլի ու ծաղկի եւ միջավայրը վերակենդանանայ:

Այս մէկը Եուրոզի կոթողներէն երկրորդն է, որ կը զետեղուի Չինաստանի մէջ: Առաջինը` 2016-ին, անոր մէկ այլ գլուխ գործոցը` «Յաւերժութիւն»-ը, այս անգամ իրենց հրաւէրով եւ պատուէրով, դարձեալ` պողպատակերտ եւ չորս մեթր բարձրութեամբ, զետեղուեցաւ Շուանկզիի GINO զբօսայգիի բացօթեայ թանգարանին մէջ:

Ի դէպ, վերջին տասնամեակին Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու իշխանութիւններուն կողմէ յատուկ հետաքրքրութիւն եւ աշխուժութիւն կը ցուցաբերուի կերպարուեստի հանդէպ, յատկապէս` միջազգային ցուցահանդէսներու ծիրի վրայ: Թէ՛ արուեստի ուսուցումը կը քաջալերուի, թէ՛ նոր կեդրոններ ու թանգարաններ կը հիմնուին, եւ թէ՛ արուեստի գործերու հաւաքորդները կը բազմանան: Այսպիսով, իրենց մշակոյթը կը հարստանայ արեւմտեան գեղարուեստական լեզուամտածողութեամբ եւս:

Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ Եուրոզի արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները պատահական չեն կրնար ըլլալ: Անոնք կ՛որոնեն ու կը գնահատեն մնայուն արժէք ներկայացնող եւ իւրայատուկ ու բարձրորակ արուեստ միայն: Անցնող իրերայաջորդ չորս տարիներուն ընթացքին «Նոազ Արք» ցուցասրահին կողմէ Եուրոզի արուեստը ներկայացուեցաւ Սինկափուրի «Art Stage» միջազգային ցուցահանդէսին` միշտ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքներու: Ինչպէս ի յայտ կու գայ իր  ստեղծագործութիւններու վերլուծումներէն, անոր արուեստը  արտայայտչաձեւերով հարուստ է եւ բազմակողմանի, իսկ  բովանդակութեամբ` խորապէս մարդկային եւ իմաստալից: