Չորրորդ Իշխանութեան… Գերեզմանափորները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքը արտակարգօրէն տաք ամառ մը կ՛անցընէ այս տարի:

Թէեւ պաշտօնապէս ամառնային արձակուրդի մէջ է կառավարութիւնը, այդուհանդերձ համացանցով անվերջ մագլցում կ՛արձանագրէ քարոզչական պատերազմը՝ ընդդէմ եւ ի նպաստ Նիկոլ Փաշինեանի…

Ուղղակի ցեխարձակման յանգած քարոզչական այդ բանակռիւը կրնար հաճելի քաղաքական ժամանցի առիթ ընծայել ամբողջ իրարանցումին ակամայ հանդիսատես եղողներուն, եթէ ի վերջոյ վերնախաւային այդ մոլեգնումին գինը վճարողները ըլլային իրե՛նք՝ վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութեան հաշուոյն յղփացած հին ու նորելուկ մակաբոյծներն ու ցեցերը:

Ողբերգութիւնը այն է, որ միայն երեւութապէս Փաշինեանի դէմ կամ թեր է մղուող քարոզչական կռիւը: Ամբողջ հրմշտուքին միակ զոհը պարզ հայ մարդն է, որ ընտանիք, տուն եւ հայրենիք պահելու համար ահա երեսուն տարիէ ի վեր պանդուխտի ցուպը ձեռին՝ կը թափառի աշխարհով մէկ, որպէսզի ի հարկին սեփական թանկագինը զոհաբերելու գնով կարենայ հաց եւ լոյս հասցնել Հայաստան:

Եւ զոհ է ինչպէ՞ս…

Պարզապէս որովհետեւ ան՝ նոյնինքն պարզ ու շարքային հայը համարձակեցաւ ԲՈՂՈՔի քայլ նետելու, միասնական շարքերով ոտքի կանգնելու, համաժողովրդական շարժման բռունցք ցոյց տալու եւ իշխանազրկելու… Սերժ Սարգսեանը: Եւ ահա այսօրուան ամբողջ քարոզչակռիւին բուն թիրախը սպաննելն է պարզ ու շարքային հայ մարդուն մէջ բարձրահասակ կանգնած քաղաքացիական ինքնավստահութիւնը:

Եւ սպաննել ինչպէ՞ս…

Պարզապէս կրծելով եւ բզիկ-բզիկ վատնելով թաւշեայ յեղափոխութեան հաւատալու պարզ ու շարքային հայ մարդուն ոգեղէն պաշարը:

Աւելի քան երեսուն տարի վարչախմբային բռնակալութեան թունաւոր, այլեւ մահացու բաժակը ցմրուր ճաշակած եւ այնուամենայնիւ ամէն կարգի ճնշումներէ վերականգնած պարզ ու շարքային քաղաքացիին, վստահաբար, չեն կրնար ընկճել այսօրինակ քարոզչական բանակռիւները:

Այդ առումով անհնարին է նոր Հայաստանի արմատաւորման երթը խոչընդոտել, որովհետեւ Փաշինեանով կամ առանց Փաշինեանի՝ վնասակար տարրերու եւ ցեցերու առջեւ մեր ժողովուրդը փակած է վերադարձի ամէն դուռ:

Խորքին մէջ այդ երթը տակաւին կը շարունակէ իր թափը՝ նոյնինքն Փաշինեանով, որ փտած եւ կործանարար հինին դէմ իր կողքին եւ ետին ունի շատ աւելի արմատական ու կտրուկ քայլեր պահանջող ժողովուրդ:

Հայաստանի հետ ամբողջ հայութիւնը բնական անձկութեամբ, նաեւ նողկանքով կը հետեւի գռեհկացման սահմանները գլած-անցած ներքաղաքական քարոզչական պատերազմին:

– «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» պատգամին դէմ քարոզչական արշաւ կը սկսի՝ իբր թէ Ատրպէյճանին ձեռքը յաղթաթուղթ չտալու «նախանձախնդրութեամբ»…

– Վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութեան ամբողջ շէնքը սոսկ կեղեւի վերածուած է‘ ծածկելու համար մինչեւ արմատները թափանցած կոռուպցիան իմաստով ահազանգին կ՛արձագանգեն՝ Ատրպէյճանին աւելի լաւ նուէր կարելի չէր տալ… կոկորդիլոսի արցունքներով:

– Կտուրներէն ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Արցախի հերոսները կարելի չէ կալանքի տակ պահել կամ՝ անոնց հասցէին հարցականներ հնչեցնել, ի՛նչ որ ալ ըլլայ եւ որքան ալ հիմնաւոր ըլլան անոնց դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնն ու մեղադրանքները:

Շարքը երկարելու կարիքը չկայ, որովհետեւ համացանցի այս դարուն ամէն ինչ բաց է ու հասանելի ամէն մարդու համար:

Եւ եթէ մեր ժողովուրդի հաշուոյն կարելի է հանգիստ մնալ, որ ապակողմնորոշման ու ապատեղեկատուութեան տղմուտ ջուրերը շատ հեռու չեն կրնար երթալ, միեւնոյն հանգստութիւնը դժուար է ունենալ չորրորդ իշխանութեան՝ մամուլի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն սպառնացող վտանգին հաշուոյն:

Ցեխարձակումով սնանող այսօրինակ քարոզչական բանակռիւներու մէջ ուղղակի մահուան կը դատապարտուի առաջնորդող միտքի եւ ուղի հարթող խօսքի անփոխարինելի արժէքը:

Դանակը հասած է ոսկորին եւ ուշի մնացած ենք արդէն ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու չորրորդ իշխանութեան… գերեզմանափորները՝ քաղաքական ի՛նչ ճամբարի մէջ ալ ծուարած ըլլան անոնք: