Իրաքի Շրջաններէն Հայաստանին Կը Մօտենայ Տաք Օդի Հերթական Ալիք

Այլեւայլ, Հայաստան

Իրաքի շրջաններէն Հայաստանին կը մօտենայ տաք օդի հերթական ալիքը։ Օգոստոս 14-էն սկսեալ մինչեւ Օգոստոս 16-ը ներառեալ՝ բոլոր մարզերուն մէջ՝ օդի ջերմաստիճանը աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 5-6 աստիճանով։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ ԱԻՆ «Հիդրոմետ» ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեան:

«Ամենատաք օրը պիտի ըլլայ Օգոստոս 16-ը, երբ Արարատեան դաշտի եւ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի հովտային գօտիին մէջ, օդի ջերմաստիճանը ցերեկը 16:00-18:00 ինկած ժամանակահատուածին պիտի հասնի +38․․․+39, առանձին ցածրադիր հատուածներու մէջ՝ նոյնիսկ +40 աստիճանի։ Յառաջիկայ 5 օրերուն՝ հովտային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ՝ պիտի պահպանուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակը»,- նշած է Գագիկ Սուրէնեան: