Վանի Մէջ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագին Կը Պատրաստուին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան արտօնութեամբ՝ 2010-էն ի վեր, տարին մէկ անգամ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կ՝իրականացուի պատարագ:

Միայն 2015-ին, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած դադարէ մը ետք, վերջին երկու տարիներուն կը շարունակուի պատարագ մատուցուիլ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Վկայակոչելով Iha.com.tr-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Վանի նահանգային կառոյցի ղեկավար Մուզաֆֆեր Աքթուղ յայտնած է, որ արդէն սկսած են Սեպտեմբեր 8-ին կայանալիք պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները:

Աքթուղի խօսքով` Թուրքիան ակնկալիքներ ունի, որ այս տարի պատարագին աւելի շատ մարդ պիտի մասնակցի, քան նախորդ տարին:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին՝ թրքական կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ՝ Սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակի օրը, այնտեղ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն ստացած էր։

Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք առաջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ 2010 Սեպտեմբեր 19-ին: Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, 2015-ին, թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցել` մեկնելով անվտանգութեան ապահովման խնդիրներէն: Վերջին անգամ պատարագ մատուցուած է 2018-ին: