Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Կառավարութիւններուն Համատեղ Որոշումով Սուրիա Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկուեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութիւններուն համատեղ որոշումով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն ուղարկուեցաւ Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին կողմէ տրամադրուած հերթական մարդասիրական օգնութիւնը:

ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ օգնութիւնը ուղարկուած է մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի միջոցներուն հաշուին:
Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ բնակչութեան համար, որ տուժած է ռազմական խնդիրներու հետեւանքով:

ԱԻ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան 9 բեռնատարներու մէջ բեռցուած մարդասիրական օգնութիւնը ճանապարհած է դէպի Սուրիա:

Անիկա կը պարունակէ միսի պահածոյ՝ 52,5 թոն, ձուկի պահածոյ՝ 35 թոն, 40 թոն շաքար, ինչպէս նաեւ չոր օրապահիկ՝ մօտ 14,5 թոն կշիռքով:

Հայկական եւ ռուսական կողմերուն ներկայացուցիչները մարդասիրական օգնութիւնը պիտի յանձնեն Սուրիոյ Կարմիր մահիկի ներկայացուցչութեան, որուն միջոցով ալ պէտք է իրականացուի յետագայ բաշխումը: