Արտագաղթը Կը Սպառնայ Հայաստանի Անվտանգութեան

Հայաստան

Արտագաղթը այն սպառնալիքներէն մէկն է, որ բացասաբար կ՛ազդէ մեր անվտանգութեան միջավայրին վրայ, որովհետեւ անիկա ուղղակի կ՛ազդէ բանակին վրայ, յայտարարեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Ուրբաթ, 26 Յուլիսին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Վերջերս հրապարակուած «ՌԴ տնտեսական վիճակի մշտադիրկման մասին» ուսումնասիրութեան մէջ, որ պատրաստուած է Գայդարի հիմնարկութեան փորձագէտներուն կողմէ, կը նշուի, որ Յունուարէն Ապրիլ 2019-ին, Հայաստանէն Ռուսիա մեկնած են 12,800 անձեր, մինչդեռ 2018-ին այդ ցուցանիշը եղած էր 4900 անձեր:

Հետազօտութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ 1 Յունիս  2019-ի դրութեամբ՝ Հայաստանէն Ռուսիա մեկնած են առաւել քան 49 հազար քաղաքացիներ:

Այս վիճակագրութիւնը լրագրողները ներկայացուցին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին՝ յիշեցնելով «թաւշեայ յեղափոխութեան»՝ արտագաղթը նուազեցնելու եւ ներգաղթ ապահովելու խոստումը:

«Արտագաղթը սպառնալիքներէն մէկն է, որ բացասաբար կ՝ազդէ մեր անվտանգութեան միջավայրին վրայ, քանի որ անիկա ուղղակի կ՝ազդէ բանակին վրայ: Մենք կը փորձենք հասկնալ, թէ որոնք են այդ ճանապարհները, որ կարենանք այս խնդիրը լուծել: Այս հարցին լուծումը բազմաշերտ է: Վարչապետի գլխաւորութեամբ՝ բազմաթիւ քննարկումներ ունեցած ենք, թէ ինչպէս կրնանք նուազեցնել արտագաղթը, միաժամանակ մեծցնել ծնելիութեան թիւը: Այս առումով քաղաքականութիւն կը մշակուի, որ կարենանք գոնէ նուազագոյնի հասցնել արտագաղթը: Միւս կողմէն հրապարակուած է այլ վիճակագրութիւն մը, ըստ որուն՝ այս տարի, 2015-ի համեմատ, արտագաղթի թիւը 35 անգամ նուազած է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստան մուտք գործողներուն, պէտք է պարզել՝ անոնք ներգաղթա՞ծ են Հայաստան, թէ՝ ուղղակի զբօսաշրջիկ են: Օրինակ՝ Լիբանանի հայերուն մօտ Հայաստան գալու ցանկութիւն կը տեսնենք, քանի որ հայկական անձնագիր ստացողներուն թիւը մեծցած է: Իհարկէ, ասիկա չի նշանակեր, որ ներգաղթ է, այլ որոշակի պատգամներ»,- ըսաւ Արմէն Գրիգորեան:

Նոյն ասուլիսին ընթացքին, Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ անցեալին նկատուած տարակարծութեանց:

«Երեւան–Ստեփանակերտ յարաբերութիւններն այս պահին գտնւում են շատ լաւ վիճակում: Որոշակի խնդիրներ եղել են, բայց այդ խնդիրները արդէն անցեալում են», յայտարարեց Գրիգորեան:

Գրիգորեան ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով անվտանգութեան ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, նախ նշեց, որ անվտանգութիւնը միայն ռազմականը չէ, այլ նաեւ կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը եւ ռազմավարական ենթակառուցուածքներու զարգացումը:

«Սպառազինութեան մասով՝ նոր զէնքեր ձեռք բերուած են, 2019-ի վերջին ՍՈՒերը արդէն պատրաստ պիտի ըլլան, 2020-ին արդէն ձեռք պիտի բերենք: Բացի այս, այլ սպառազինութիւն ձեռք բերուած է, որուն մասին պաշտպանութեան նախարարը, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ՝ պիտի խօսի»,- ըսաւ Գրիգորեան՝ աւելցնելով. «Այս պահուն մենք ունինք քաղաքական որոշում ենթակառուցուածքներու մասով՝ բոլոր «փոսթերուն վրայ» ջրամատակարարում պիտի ըլլայ մինչեւ 2020 Հոկտեմբեր: Ասոր համար նիւթական յատկացումներն ու արհեստագիտական մասը պիտի ապահովուի, քաղաքական որոշումը կայ»: