Հայկական Եւ Ասորական Համայնքները Լոս Անճելըսի Մէջ Ստորագրած Են Համագործակցութեան Յուշագիր

Սփիւռք

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութիւնը (AAASC) եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը  Յուլիս 22-ին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են երկուստեք յարաբերութիւններու խորացման նպատակով:

Յուշագիրը կ՛ընդգծէ երկու համայնքներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման կարեւորութիւնը եւ համակողմանի համագործակցութեան ապահովումը:

«Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրումը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնէ աւելի խոր հաստատութենական մակարդակի»,- նշած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան:

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութեան նախագահ Ռամոն Թեհշի համաձայն, այս յուշագիրը պաշտօնապէս պիտի ամրացնէ  պատմական միութիւնը եւ պիտի ծառայէ երկու համայնքներուն միջեւ կապերու  ամրապնդման