Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Է Քաղցկեղային Գոյացութեան Յստակ Տեղորոշման Հնարաւորութիւն

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Բնագիտութեան հիմնարկութեան (Ֆիզիկայի ինստիտուտի) արագացուցիչի գործարկման:

Վարչապետը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կը գրէ. «Միջուկային բնագիտութեան բնագաւառին մէջ հիմնաքարային ուսումնասիրութիւններու հեռանկարներ եւ միլիմեթրերու ճշգրտութեամբ քաղցկեղային գոյացութեան յստակ տեղորոշման հնարաւորութիւն. գործարկուած է Բնագիտութեան հիմնարկութեան արագացուցիչը»:

Կառավարութեան Յուլիս 11-ի նիստին ընթացքին վարչապետը յայտնած էր հետեւեալը. «Երբ մեր պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով կը գտնուէր Սինկափուր, Հայաստանէն շատ կարեւոր նորութիւն ստացանք, որուն պահ մը ես նոյնիսկ դժուար կ՛ուզէի հաւատալ, որովհետեւ այդ հարցը այնքան քննարկուած էր, 10 եւ աւելի տարուան վաղեմութիւն ունի, որ ինծի կը թուէր, թէ սա անլուծելի հարց է: Խօսքը այն մասին է, որ Յունիս 12-էն սկսած է աշխատելու Բնագիտութեան հիմնարկի տարածքին գտնուող ելեկտրամագնիսական գործիքը եւ երկու շաբաթ առաջ ստացածլ է 18F բժշկական զուգաթիւ եւ զուգատեղ որ կ՛օգտագործուի ախտորոշման համար: Սա իսկապէս շատ լաւ նորութիւն է, բայց այստեղ նաեւ խնդիր ունինք շարունակելու աշխատանքը, որպէսզի ելեկտրամագնիսական գործիքի կառուցային առումով ենթակայութեան հարցը ճիշդ լուծենք, որպէսզի ան կարենայ ոչ միայն բժշկական հարցերով զբաղիլ, այլեւ գիտական»: