Բակօ Սահակեան Թալիշ Գիւղին Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Ունեցաւ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, Յուլիս 24-ին այցելեց Մարտակերտի շրջանը եւ Թալիշ գիւղին մէջ ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը բնակավայրի տարածքին տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցերու շուրջ: Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտոնատար այլ անձիք: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ վարչութիւնը։