Դարձեալ, Բայց Ոչ Վերջին Անգամ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայրենադարձութիւնը խթանելու կոչուած քարոզչութեան մէջ ընդհանրապէս կը կիրարկուի հետեւեալ մարտավարութիւնը.

Կոչերով կը դիմուի սփիւռքահայու սիրտի թելերուն, հայրենասիրական զգացումներուն:

Յօդուածներով ու ճառերով կը թուարկուին հայրենիքի մէջ ապրելու բարիքները, որոնք մեծ մասամբ հոգեկան բաւարարութեան կ՛առնչուին:

Վերադարձողներու յաջողութիւնները կը մեկնաբանուին հարցազրոյցներով, յօդուածներով:

Հայրենադարձութեան ամէնէն ազդեցիկ քարոզիչները կը դառնան անոնք, որոնք կրցած են իրենց մասնագիտութեան ճամբով, իրենց հետ բերած հնարաւորութեանց ճիշդ օգտագործումով արժանապատիւ կեանք եւ ապրուստ ու աւելի մեծ յաջողութեանց հասնելու հեռանկար ապահովել:

Հայրենադարձութեան քարոզչութիւնը նաեւ յաճախ կը դիմէ պատմական դէմքերու կողմէ հնչեցուած կոչերու եւ պատգամներու: Ահա օրինակ մը՝

«ՀՀ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆԻ ԿՈՉԸ՝ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ

…Նորից եւ վերջին անգամ հրապարակաւ դիմում եմ ձեզ հայ (…) մասնագէտներ՝ եկէ՛ք Հայաստան, ուր ձեզ համար կայ առատ գործ եւ յարմար պաշտօններ: Ճիշդ է, Հայաստանում աշխատելն այժմ դժուար է եւ կապուած է զոհողութիւնների հետ, բայց եթէ դուք չէք գալու դժուարին օրերին, եթէ չէք կամենում զոհողութիւն անել այսօր, վաղը, երբ հասնեն լայն ու հեշտ օրեր՝ դուք այլեւս աւելորդ էք Հայաստանի համար:

…ո՞ր օրուայ համար է ձեր հայրենասիրութիւնը: Թէ՞ կարծում էք, որ Թիֆլիսում, Պոլսում եւ Ամերիկայում նստած, գեղեցիկ ճառեր արտասանելով ու լաւ-լաւ խորհուրդներ տալով մեզ՝ արդէն իսկ կատարած էք լինում ձեր ազգասիրական պարտականութիւնները:

…Հայաստանը ձեր ճառերին ու խորհուրդներին կարօտ չէ. Հայաստանին ձեր գործն է հարկաւոր, ձեր հմտութիւնը, ձեր մասնագիտութիւնը, ձեր հայագիտութիւնը:

Եկէ՛ք:

Յունիս 12, 1920, Երեւան»։

Այսպիսի կոչեր դարձեալ պիտի հնչեն եւ վստահ ենք, որ ամէն անգամ անոնք պիտի ունենան արձագանգողներ:

Հայրենդարձութեան ամէնէն հզօր քարոզչութիւնը, սակայն, Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած պետական համակարգի կենսունակութիւնը պիտի ըլլայ: