Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արա Նաճարեան՝ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի 200 Ազդեցիկ Գործիչներու Շարքին

Սփիւռք

Քաղաքապետ Արա Նաճարեանի «Ֆէյսպուք»-ի էջէն կը տեղեկանանք, որ ան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ամէնէն ազդեցիկ երկու հարիւր հասարակական-քաղաքական գործիչներէն մէկը համարուած է: 58-ամեայ քաղաքապետը կրթութեամբ իրաւաբան է: Ան չորրորդ անգամն է որ կը գրաւէ Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը: